Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Յիսուս Քրիստոսի 40օրեայ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, կը նշուի Փետրուար 14ին։ Ինչպէս նախընթաց տարիներուն, այս տարի եւս, Տեառնընդառաջի տօնը պիտի նշուի նախատօնակի արարողութեամբ ու աւանդական խարոյկով։
Շաբաթ, Փետրուար 13ի երեկոյեան, ժամը 6ին, Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ նախատօնակի արարողութիւն, որուն ընթացքին, պիտի կատարուի մանուկներու Ս. սեղանին ընծայաբերման արարողութիւնը։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ խարոյկի հրավառման աւանդական արարողութիւն։
ՀՄԸՄԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱԵՄ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Թեմի գեղեցիկ աւանդութիւններէն է այն, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւններէն ետք, ՀՄԸՄի սկաուտներու խմբապետներն ու ներկայացուցիչներ ընթրիքի սեղանի շուրջ սեղանակից ըլլան առաջնորդ սրբազանին ու ներկայացուցչական այլ անձնաւորութիւններու։ Ընթրիքի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։ Մասնակից պիտի ըլլան նաեւ մեր եկեղեցիներու երիտասարդական միութեանց անդամներ։