ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Կլենտէյլ քաղաքի համալսարանին ու համայնքային այլ կազմակերպութիւններու, Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 9-10, տեղի պիտի ունենայ համալսարանական կրթանպաստներու համար դիմումներ կատարելու գործընթացին նուիրուած սեմինար մը, որուն ընթացքին բացատրութիւններ պիտի տրուին ուսանողներուն եւ ծնողներուն՝ լաւագոյն կերպով ծախսելու համալսարանական ուսման իրենց տրամադրած գումարները:
Երեքշաբթի օրուան նիստը նուիրուած է կրթանպաստներու դիմումներուն եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Civic Auditorium»ին մէջ (1401 N. Verdugo Road, Glendale, CA 91208): Ներկայացումը պիտի ըլլայ հայերէնով, սպաներէնով եւ քորէայերէնով:
Կրթական ծախսերը կարգաւորելու նուիրուած Չորեքշաբթի օրուան նիստը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլ քաղաքի համալսարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ ((1500 N. Verdugo Road, Glendale, CA 91208), դարձեալ երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Երկու օրերուն՝ մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-8040 թիւին: