ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 4ին լրագրողներու հետ հանդիպելով՝ «Արմաւիա» ընկերութեան նախագահ Միքայէլ Բաղդասարով յայտնեց, թէ այս տարի Հայաստանէն ուղիղ թռիչքներ պիտի իրականանան դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն: Ըստ Բաղդասարովի, արդէն իսկ աւարտած են «Պոյինկ 667» օդանաւի գնման բանակցութիւնները:
Նշենք, որ բացի վերոնշեալ երկիրներէն, «Արմաւիա» ընկերութիւնը այս տարի նոր թռիչքներ պիտի իրականացնէ նաեւ Երեւան-Լեհաստան, Երեւան-Կիպրոս, Երեւան-Թել Աւիւ եւ Երեւան-Պարսելոնա ուղղութիւններով: