ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Սուրբ ծննդեան գիշեր է, կնոջս հետ ու չորս ու կէս տարեկան թոռնիկիս՝ Ալէքին, ձեռքը բռնած եկեղեցի կ՛ուղուինք՝ խթման գիշերուան աւանդական եկեղացական արարողութեան ներկայ գտնուելու համար:
Մեր ընտանիքի աւանդական սովորութիւններէն մէկը եղած էր այդ երեկոյին անպայման ներկայ գտնուիլ խթման եկեղեցական արարողութեանց, եւ այս տարի անշուշտ մեզի կը միանար թոռնիկս Ալէքը. առօրեայ մանր մտահոգութիւններու եւ մտածումներու լուծին տակ կքած, սակայն Ալէքին ներկայութեամբ զօրացած ու հպարտ՝ կը մտնենք եկեղեցի եւ կը գրաւենք մեր տեղերը: Պատարագը արդէն սկսած է եւ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէ ամէնուրէք: Ոմանք նստած, շատեր ոտքի ու մաս մըն ալ ծունկի եկած հաւատացեալներ կը հետեւին արարողութեան՝ ունկնդրելով մեր եկեղեցական գեղեցիկ շարականները՝ վերանորոգելով իրենց հաւատքը, իրենց զգացած ձեւով, սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ կարեւորը հաւատք ունենալն է… թէ ինչ ձեւով կ՛արտայայտես զայն՝ կը մնայ երկրորդական: Եւ անմիջապէս միտքս կու գայ մօրս ամէնօրեայ խրատը. «Զաւա՛կս, հաւատքդ կը փրկէ քեզ», եւ այսպէս, դարերով մեր ժողովուրդը ապրած է հզօր կամքով՝ ապաւինելով իր հաւատքին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շուքին ներքեւ: Եկեղեցին եղաւ մեր բոլորին հաւատքի տունը ու նաեւ փրկարար լաստը՝ մեր ազգային իրաւունքներու իրականացման:
Կարծէք թէ շեղեցայ նիւթէն, որովհետեւ նպատակս կեդրոնանալ էր Ծննդեան հրաշալի դէպքին ու անոր ազդեցութեան՝ մեր կեանքէն ներս, եւ ինչու չէ՝ քովս նստած թոռնիկիս, որ ուշի-ուշով կը հետեւէր եկեղեցական արարողութեան: Չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կը զգար եւ ինչ կը հասկնար, սակայն կը կռահէի, որ լրջութեամբ եւ ակնածանքով կը հետեւէր պատահածներուն: Աչքերը եւ ուշադրութիւնը սեւեռած էր խորանին, որմէ կարծես լոյս կը ցոլար ամոքելու համար մեր բոլորին ցաւած սիրտերը:
Եկած էր սպասուած պահը, երբ եկեղեցական դասը պատարագիչ քահանային հետ կ՛աւետէր Յիսուսի Ծնունդը, երգելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս»:
«Հայր մեր»ի պահն էր, երբ նկատեցի, որ Ալէքը, ձեռքերը միացուցած իրարու՝ մեզի հետ միասին կ՛երգէր «Հայր մեր»ը: Յուզումնալից սրտով ու արցունքոտ աչքերով, սակայն հպարտանքով կը դիտէի Ալէքը, որ դպրոցին մէջ սորված «Հայր մեր»ը կ՛աղօթէր, եւ վերջապէս զգացի, որ Ալէքի ծնողքին զոհողութիւնները սկսած են արդիւնք տալու: