ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Լախտի ծրագիր» կոչուած գաղտնի ծրագրին բողոքի ձեռնարկները կը շարունակուին։ Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին, անոր դէմ իրենց բողոքները հրապարակեցին փաստաբաններ։ Պոլսոյ, Անգարայի ու Գոնիայի մէջ փաստաբաններ հրապարակ իջնելով՝ այն պատգամը փոխանցեցին, թէ «Դատարանը կրնայ բեկանել «լախտ»երը ու խանգարելու «վանդակ»ները»։ Միայն Պոլսոյ հաւաքին մասնակցեցան մօտաւորապէս հարիւր փաստաբաններ, որոնք դատախազութեան դիմեցին ծրագրին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու յոյսով: Անոնք նաեւ պահանջեցին, որ նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրուի։ Փաստաբանները դիտել տուին, որ այսօր եւս հրապարակ իջած են այն մութ ուժերը, որոնք անցեալին վարչապետներ կախեցին, մտաւորականներու դէմ մահափորձներ կազմակերպեցին, ալաուի-սիւննի կամ թուրք-քիւրտ լարուածութիւններ յառաջացուցին եւ իրենց ժողովուրդին արիւնով սնանեցան։
Իր կարգին, այդ շրջանի սպայակոյտի նախագահ զօր. Հիլմի Էօզքէօք ըսաւ, որ իր հրահանգով կատարուած է այն սեմինարը, որուն ընթացքին քննուած է «լախտի ծրագիր»ը, սակայն անոր աւարտին իրեն նման ծրագիր մը չէր հաղորդուած: Էօզքէօք ըսաւ, որ ցարդ որեւէ հաստատում չէ կատարած, որպէսզի չազդէ դատական համակարգին վրայ։