ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի ելեւմուտի նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, 2009ի ընթացքին պետական ամավարկ մուտքագրուած է շուրջ 522.4 միլիառ դրամի հարկ եւ տուրք: 2008ի համեմատ, հարկային եկամուտները նուազած են 15.9 տոկոսով կամ՝ 98.7 միլիառ դրամով:
Ամավարկ մուտքագրուած է նաեւ 60.2 միլիառ դրամ եկամտահարկ՝ ապահովելով հարկերու եւ տուրքերու 11.5 տոկոսը: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, եկամտահարկի մուտքերը աճած են 12 տոկոսով կամ՝ 6.5 միլիառ դրամով:
Նաեւ, 2009ի ընթացքին մաքսատուրքը կազմած է աւելի քան 25.1 միլիառ դրամ՝ 32.7 տոկոսով նուազ 2008ի նոյն ցուցանիշէն, եւ ապահոված է պետական ամավարկի հարկերու եւ տուրքերու 4.8 տոկոսը: