Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արիւնը կարեւոր է մեր մարմնի աշխատանքին եւ գոյատեւման: Ան կը փոխադրէ թթուածին եւ սննդանիւթեր, որոնք կը սնանեն մարմնի բջիջները, ինչպէս նաեւ այլ նիւթեր որոնք կը պայքարին վարակներու դէմ: Չափահաս մը կ՛ունենայ 5-6 լիթր արիւն:
Արիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ՝
Ա. արիւնահեղուկ (plasma), որ կը կազմէ արեան 55%ը.
Բ. Երեք տեսակ բջիջներ՝
ա. Կարմիր գնդիկներ-բջիջներ,
բ. Սպիտակ-ճերմակ գնդիկներ-բջիջներ,
գ. Թիթեղիկներ (platelets),
Այս երեք տեսակ բջիջները, որոնք կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ, կը լողան ազատօրէն արիւնահեղուկին մէջ:
Կարմիր գնդիկները կը պարունակեն երկաթով հարուստ բնասպիտ մը՝ արիւնասպիտակուց (hemoglobin), որ կը փոխադրէ թթուածինը մարմնի բոլոր բջիջներուն:
Ճերմակ գնդիկները կը պաշտպանեն մարմինը ցպիկներէ եւ ժահրերէ: Վարակի մը պարագային անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ կը պայքարին յարձակող ցպիկներուն եւ ժահրերուն դէմ:
Թիթեղիկները աւելի պզտիկ են քան կարմիր գնդիկները. անոնց պարտականութիւնն է՝ արեան մէջ արիւնակոյտեր (blood clots) կազմել եւ արգելք հանդիսանալ արիւնահոսութեան:
Արիւնահեղուկը բնասպիտներով հարուստ դեղնորակ հեղուկ մըն է. այս բնասպիտներէն են՝ ալպիւմինը, իմմիւնօկլօպիւլինը եւ արիւնագունդ կազմողները: Մէկ կաթիլ արիւնը կը պարունակէ մօտաւորապէս 5 միլիոն կարմիր գնդիկներ:
Կան 30է աւելի արեան տարբեր խմբաւորումներու դասակարգումներ, որոնցմէ ամենէն աւելի ընդհարացածներն են՝
1. ABO դասակարգումը, որ ունի A, B, AB, եւ O խմբաւորումները.
2. RH դասակարգումը, որ ունի Rh+ եւ Rh- խմբաւորումները.
1900ին Աւստրեացի գիտնական, Քարլ Լանտսդէինէր, նկարագրած է արեան ABO դասակարգումը՝ A, B եւ O խմբաւորումներով: Այս իրագործումին համար ան ստացած է 1930ին Նոպէլէան Մրցանակը բնախօսութեան մէջ: 1902ին Տէքասդրելլօ եւ Սդիւրլի գտած են այս դասակարգումին չորրորդ խմբաւորումը՝ AB խմբաւորումը:
ABO դասակարգումը հիմնուած է կարմիր գնդիկներուն վրայ յատուկ հակածիներու (antigen) գոյութեան եւ կամ բացակայութեան: Այս հակածիները կրնան ըլլալ բնասպիտներ (proteins), ածխաջրատներ (carbohydrates), շաքարաբնասպիտներ (glycoproteins) եւ շաքարաճարպեր (glycolipids): A, B եւ AB խմբաւորումները ունին իրենց կարմիր գնդիկներուն վրայ համապատասխան A, B եւ AB հակածիները: A խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները (antibodies) B հակածինին դէմ: B խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները A հակածինին դէմ: AB խմբաւորումի արիւնահեղուկը զերծ է հակամարմնիններէ: A եւ B հակածիներու բացակայութեան արեան խմբաւորումը կը կոչուի՝ O խմբաւորում: Այս խմբաւորումի արիւնահեղուկը կը պարունակէ IgM հակամարմինները A եւ B հակածիներուն դէմ:
Ծինաբանականօրէն ABO խմբաւորումը կը ժառանգուի առանձին մէկ ծինով, որ կը կոչուի ABO ծին: Զաւակներու արեան ABO դասակարգումի խմբաւորումը կախեալ է ծնողներուն արեան խմբաւորումին: Անոնք կը ժառանգեն իրենց ծնողներէն համաձայն հետեւեալ տախտակին՝
Արեան ABO դասակարգումէն անկախ բժիշկ-գիտնականներ գտած են արեան երկրորդ դասակարգում մը, որ կը կոչուի Rhesus եւ կամ RH դասակարգում, համաձայն՝ Rhesus հակածինի գոյութեան կարմիր գնդիկներուն վրայ: Այս հակածինին գոյութեան պարագային անհատը կ՛ունենայ Rh+ խմբաւորում, իսկ անոր բացակայութեան անհատը կ՛ունենայ Rh- խմբաւորում:
Հիմնականօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրը կունենա՛յ հետեւեալ արեան 8 խմբաւորումներէն մէկը՝
ARh+, ARh-, BRh+, BRh-, ABRh+, ABRh-, ORh+ եւ RhO-:
Տեսնուած է որ աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 37%ը ունին O+ արիւն, 34%ը A+ արիւն, 10%ը B+ արիւն, 4%ը AB+ արիւն, 6%ը O- արիւն, 6%ը A- արիւն, 2%ը B- արիւն եւ 1%ը AB- արիւն:
Rh+ անձեր իրենց արիւնահեղուկին մէջ հակամարմիններ կը զարգացնեն Rh հակածինին դէմ, իսկ RH- անձեր իրենց արիւնահեղուկին մէջ հակամարմիններ չեն զարգացներ RH հակածինին դէմ:
Արեան փոխներարկում (blood transfusion) ըսելով կը հասկնանք՝ հիւանդին ներարկել արիւն իր ամբողջութեանը մէջ եւ կամ արիւնէն որոշ բաժիններ: Ամենէն շատ փոխներարկուածներն են՝ նախ կարմիր գնդիկները ապա թիթեղիկները եւ արիւնահեղուկը:
Կարմիր գնդիներու փոխներարկումը կը կատարուի երբ անհատ մը մեծ քանակութեամբ արիւն կորսնցնէ արկածով եւ կամ վիրաբուժական գործողութեան ընթացքին: Փոխներարկումը կը տեւէ 2-4 ժամ: Նուիրատուին կարմիր գնդիկները կարելի է պահել 42 օրեր սառնարանի մէջ 1-6 սանթիկրատ ջերմաստիճանով:
Ճերմակ գնդիկներու փոխներարկումը կը կատարուի շատ քիչ պարագաներուն: Նուիրատուին ճերմակ գնդիկները կրնան պահուիլ 24 ժամ 20-24 սանդիկրատ ջերմաստիճանով:
Թիթեղիկները կը փոխներարկուին երբ անհատ մը մեծ քանակութեամբ արիւն կորսնցնէ եւ կամ անոր թիթեղիկները բնականօրէն չեն գործեր եւ կամ նուազած են: Փոխներարկումը կը տեւէ 0.5-2 ժամ: Նուիրատուին թիթեղիկները կը պահուին 5 օրեր 20-24 սանդիկրատ ջերմաստիճանով:
Արիւնահեղուկի փոխներարկումը կը տեւէ 1-2 ժամ: Նուիրատուին արիւնահեղուկը կը պահուի մէկ տարի սառած վիճակով:
450 մլ. արեան փոխներարկումը կը կատարուի 4 ժամուայ ընթացքին եւ ամբողջ տեւողութեան պէտք է հսկել հիւանդին ջերմութեան, զարկերակային ճնշումին, սրտի զարկին եւ շնչառութեան:
Արեան փոխներարկում տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով՝
1. Արեան ներարկումը անձէ մը այլլ անձի մը (heterelogus).
2. Անձէ մը նոյնինք անձին, այսինքն՝ ինքնափոխներարկում (homologus). այս մէկը կարելի է՝ հիւանդին արիւնը հաւաքելով վիրաբուժական գործողութենէն միքանի շաբաթներ առաջ եւ կամ գործողութեան ընթացքին եւ ապա հիւանդին փոխներարկել իրմէ հաւաքուած արիւնը:
Արեան փոխներարկումի ընդհանրացած ձեւը առաջինն է: Անձ մը կամաւոր իր արիւնը կը պարգեւէ այլ անձի մը. ան կ՛ըլլայ նուիրատու եւ կը կոչուի՝ տուող (donor) իսկ իր արարքը կը կոչուի՝ տուչութիւն (donation):
Նուիրատուն իր այս արարքով կը փրկէ հիւանդի մը կեանքը:
Արեան փոխներարկումը ապահով եւ ընդհանրապէս անվտանգ միջոցառում մըն է: Ան կը կատարուի զանազան կացութիւններու մէջ եւ յաճախ ան կը դառնայ միակ միջոցառումը փրկելու համար հիւանդի մը կեանքը:
Արեան փոխներարկումը կը կատարուի հիւանդին համամտութեամբ եւ որոշումով, բացի՝ շտապ պարագաներուն ուր հիւանդը անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի:
Արեան տուչութիւն չեն կրնան ընել յղի կիները ինչպէս նաեւ այն անհատները որոնք կը տառապին հետեւեալ հիւանդութիւններէ՝ խլիրդ, լէարդաբորբ (hepatitis), շնչարգելութիւն, սրտի հիւանդութիւն, սակաւարիւնութիւն, մալարիա, զարկերակային գերճնշում եւ AIDS:
Նուիրատուներու արեան հաւաքման աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ձեւով՝
Ա. Արեան նուիրատուն կը ներկայանայ արեան հաւաքման կեդրոն մը ուր կը տարուին հետեւեալ աշխատանքները՝
ա. Նուիրատուն կը պատասխանէ բժշկական հարցարանի մը որուն միջոցաւ կը յայտնուի անոր առողջական վիճակը եւ յղի չըլլալը:
բ. Նուիրատուն կ՛ենթարկուի բժշկական ընդհանուր քննութեան, կը ճշդուի անոր առողջական ընդհանուր վիճակը, անոր զարկերակային ճնշումը, սրտի զարկը եւ ջերմաստիճանը.
գ. Արեան քննութեամբ կը ճշդուի անոր արեան կարմիր գնդիկներու եւ արիւնասպիտակուցի չափը, արեան խմբաւորումը եւ որոշ վարակներէ զերծ ըլլալը:
Նուիրատուն հիմնականօրէն ըլլալու է առողջ, չունենայ տրփախտ (syphilis), սակաւարիւնութիւն, սրտի հիւանդութիւն, յղութիւն, AIDS, HIV, մալարիա, յառաջացած եւ ծաւալուն խլիրդ, արեան հիւանդութիւններ եւ լէարդաբորբ:
Դրական արդիւնքներու գոյութեան պարագային նուիրատուէն կը հաւաքուի 450 մլ. արիւն, որ կը պահուի սառնարաններու մէջ ամբողջական վիճակով եւ կամ կարմիր գնդիկներն ու թիթեղիկները առանցնաբար:
Նուիրատուին արիւնը հաւաքելէ ետք, արեան փոխներարկումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով՝
1. Կը քննուի նուիրատուին արիւնը եւ ստացողին արիւնը գիտնալու համար երկուքին արեան խմբաւորումը՝ ABO եւ Rh դասկարգումով, այսինքն՝ A, B, AB, O եւ Rh- եւ կամ Rh+ խմբաւորումները:
2. Կը կատարուին հետեւեալ քննութիւնները գիտնալու համար՝
ա. Ստացողին կարմիր գնդիկներու A, B, AB եւ Rh հակածիներու գոյութիւնը.
բ. Ստացողին արիւնահեղուկին մէջ որոշ կարմիր գնդիկներուն դէմ հակամարմիններու գոյութիւնը.
գ. Ստացողին արիւնահեղուկի եւ նուիրատուին կարմիր գնդիկներու հակածիներուն միջեւ համատեղելիութեան (compatibility) գոյութիւնը.
3. Համատեղելիութեան պարագային՝ կը կատարուի փոխներարկումը, այսինքն՝ նուիրատուին արիւնը կը ներարկուի հիւանդին:
Համատեղելիութեան քննութեան ընթացքին արիւն ստացող անհատին արիւնահեղուկը կը խառնուի արիւն տուողի կարմիր գնդիկներուն հետ: Կարմիր գնդիկներու կուտակումը (agglutination, clumping) կը փաստէ անհամատեղելիութիւնը եւ ուրեմն՝ նուիրատուին արիւնը կարելի չէ փոխներարկել հիւանդ-ստացողին:
(Շար. 1)