ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող կամ զանիկա խնդրոյ առարկայ դարձնող թերահաւատներու, ու մանաւանդ անհաւատներու յաճախ կարելի է հանդիպիլ կեանքի խաչմերուկներուն վրայ: Անոնք երբեմն իրարու նայելով կÿաճին ու կը բազմապատկուին, երբեմն ալ պարագաներու բերմամբ այդպէս կը դառնան: Ի ծնէ անհաւատ մարդ չկայ: Որովհետեւ հաւատքը Աստուծոյ կողմէ ցանուած է մարդու հոգիին մէջ: Կրնայ պատահիլ որ անիկա առաւել կամ նուազ ուշադրութեան արժանանալով, կամ հոգեւոր ջրտուքի առարկայ չդառնալով, տկարանայ, չորնայ ու չքանայ: Կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ անձ մը դէպքերու բերմամբ հաւատքի արթնութիւն կը զգայ եւ կը սթափի իր հոգեկան երկարամեայ թմբիրէն:
Հաւատքի դարձող, եւ հաւատքէ պարպուող մարդոց տոկոսային համեմատութիւնը դժբախտաբար դրական արդիւնք ցոյց չի՛ տար: Աւելի շատ կարելի է հանդիպիլ հաւատքը կորսնցնող մարդոց, քան՝ հաւատքի դարձողներու: Ներկայ աշխարհի նիւթապաշտական ու շահադիտական դրուածքը, ամէն ինչ առարկայականօրէն քննելու ու բացատրելու մօտեցումը, ու մանաւանդ աշխարհայնացող ընկերութեան դիրքորոշումը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ, իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան այս գծով:
Ինչո՞ւ պէտք է անպայման հաւատամ, երբ առանց հաւատալու ալ կրնա՛մ ապրիլ: Ահաւասիկ «տրամաբանական» թուացող մտածողութիւնը, անտրամաբանական մարդոց մտքին մէջ: Հաւատքը աւելորդ, ու Աստուծոյ գոյութիւնը անիմաստ նկատող մարդոց մտածելակերպին արտայայտութիւններէն մէկն է այս: Անոնք նոյնիսկ կը յանդգնին արհամարհական ամէնէն նուաստացուցիչ պիտակները փակցնել այն մարդոց՝ որոնք կը հաւատան: Տիրոջ մը ենթարկուելու տրամադրութիւնը, կ՛ըսեն, կենդանական աշխարհին մէջ ամէնէն աւելի հաւը ցոյց կու տայ: Ան նոյնիսկ կտցուելու վախն ու տառապանքը, կամ նետուած կուտերէն չկարենալ ուտելու զրկանքը կ՛ըն-դունի, փափաքելով որ անպայման աքաղաղ մը ըլլայ իր վրայ իբրեւ տէր: Այսպիսով, հաւատացեալ մարդիկը երբեմն միամիտ հաւու կը նմանցնեն անոնք:
Առանց դոյզն ամօթխածութեան, նման արտայայտութիւններ կը կատարեն անհաւատներ, Աստուծոյ վրայ իրենց ամբողջական յոյսն ու վստահութիւնը դրած բարեպաշտ անձերու հասցէին: Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի, կ՛ըսեն անոնք միամիտ հաւատացեալին, վստահ ըլլալով որ շօշափելիօրէն պիտի չկարենայ փաստել Երկնայինին գոյութիւնը: Իսկ վերջինները, երբեմն անուս բայց հաւատաւոր մարդիկ, իրենց կարողութեան ներած չափով կը փորձեն փաստեր մատակարարել աջէն ու ձախէն, միշտ բարի ցանկութիւնը ունենալով իրենց դէմը կանգնած մարդուն հոգեկան աչքերը բանալու:
Այդպիսի բարի մարդ մը սափրիչի մը խանութը կը մտնէ: Մինչեւ հիմա ալ սովորութիւն ունին սափրիչներ իրենց աթոռին վրայ նստող յաճախորդին հետ զրուցելու, երբեմն ամէն նիւթի մասին: Նիւթերուն մէջ սակայն, առաջնահերթ կ՛ըլլան ընդհանրապէս ընկերային կեանքը յուզող հարցեր՝ տնտեսական ու քաղաքական ապահովութեան վիճակ, գործ ու ընտանիք եւայլն: Նկատի ունենալով որ այդ երկրին մէջ անապահով կացութիւն կը տիրէր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին կենսամակարդակը անբաւարար կը նկատուէր բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու, սափրիչը կը սկսի գանգատիլ յաճախորդին, իր կրած դժբախտութիւններուն համար: Սակայն, իր բողոքը ան ոչ թէ յաճախորդին կ՛ուղղէ, այլ՝ ուղղակի Աստուծոյ: Եթէ Աստուած գոյութիւն ունենար, այս ամէնը չէին պատահեր, կը յարէ ան:
Յաճախորդը մեծ հաւատքի տէր ըլլալուն, լուռ կը մնայ սափրումի ամբողջ ընթացքին, մանաւանդ վախնալով որ սափրիչը իր տալիք պատասխանէն բարկանալով, սխալ շարժում մը կրնայ ընել ու վիրաւորել զինք: Ան բնա՛ւ չի բաժներ այն տեսակէտները որոնք կ՛արտայայտէր սափրիչը, մեղադրելով զԱստուած այն ամէն իրադարձութեանց համար, որոնք կը պատահէին մարդոց կեանքին մէջ: Մէկուն աղքատութիւնը, միւսին թշուառութիւնը, ուրիշի մը անտուն մնալը, մէկ այլ մէկուն անգործութիւնը, եւայլն:
Հաւատացեալ յաճախորդը ներքնապէս կը զայրանայ մանաւանդ սափրիչին այն արտայայտութեան համար, որ բացայայտօրէն կը ժխտէր Աստուծոյ գոյութիւնը: Անիկա այնպէս կը պատկերացնէր, որ Աստուած պարտաւոր է իւրաքանչիւր մարդու մօտ գալ, ու չնայած անոր հաւատացեալ կամ անհաւատ ըլլալուն, բարօր ու երջանիկ կեանք մը շնորհել անոր: Կերպով մը Աստուած իւրաքանչիւր մարդուն կողքին կեցած սպասաւոր մը կը նկատէր ան:
Մարդը սափրուելէ ետք, կը վճարէ աշխատավարձքը ու դուրս կու գայ խանութէն: Հազիւ քանի մը քայլ առած, պատահաբար իր դէմը կ՛ելլէ երկար ու անխնամ մա զերով մարդ մը, որ թերեւս կեանքին մէջ սափրիչի մօտ չէր գացած: Ետ դառնալով, շուտով կը մտնէ սափրիչին խանութը եւ յաճախորդներուն դիմաց բարձրաձայն կ՛ըսէ.
– Սափրիչ չկա՞յ այս աշխարհի վրայ:
Յաճախորդներուն հետ, սափրիչն ալ անակնկալի կու գայ այս ար-տայայտութենէն, եւ զարմանքով կը յարէ տակաւին նոր դուրս եկած յաճախորդին:
– Քանի մը վայրկեան առաջ յարդարեցի մազերդ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կ՛ըսես թէ սափրիչ չկա՞յ այս աշխարհի վրայ:
– Հիմա մարդ մը տեսայ որ երկար ու անխնամ մազեր ունէր, թերեւս կեանքին մէջ սափրիչի երես չէր տեսած ան, կը պատասխանէ յաճախորդը:
– Բայց եթէ իմ քովս չգայ, ես ուրկէ՞ պիտի իմանամ թէ ինք սափրուելու կարիք ունի, կÿըսէ սափրիչը ինքնապաշտպանութեան դիմելով:
– Ճի՛շդ նոյնպէս ալ, դո՛ւն զԱստուած պիտի փնտռես, եւ եթէ փնտռես՝ անպայման կը գտնես զԱյն, կ՛ըսէ իմաստուն յաճախորդը ու կը մեկնի:
Սափրիչին նման անմիտ մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ, որոնք ինքնահաւանութեամբ կուրցած, իրենց կարողութիւնները կ՛աստուածացնեն ու զանոնք կը պաշտեն, մոռնալով որ մարդ պէտք չէ դադրի իր կեանքին մէջ զԱստուած փնտռելէ: Աստուած պարտաստ է քովդ գալու, եթէ ընդունիս զԱյն քու սրտիդ մէջ: Սակայն երբ սրտիդ դուռը փակ է, ու մանաւանդ մերժում կայ զԱյն ներս ընդունելու, այն ատեն կը դադրի Ան քեզի համար գոյութիւն ունենալէ:
Աստուած իր գոյութիւնը փաստելու պէտք չունի: Քու գոյութիւնդ մեծագոյն փաստն է Իր գոյութեան: Բանականութեանդ շնորհիւ նայէ՛ հոգիիդ խորը, ու այնտեղ զԱստուած պիտի գտնես, բազմած էութեանդ աննիւթեղէն աթոռին վրայ: Առանց Աստուծոյ չե՛ս կրնար ապրիլ: Ուզե՛ս անգամ՝ չե՛ս կրնար, որովհետեւ գոյութիւնդ, Իր գոյութենէն կախեալ է, եւ կեանքդ Իր ձեռքերուն մէջն է:
Հաւատա՛ Աստուծոյ գոյութեան, նո՛յնիսկ կուրօրէն, եւ պիտի օրհնուի կեանքդ ու բարիքներով լեցուի: Անոր գոյութիւնը ժխտող մը չգտնուեցաւ ցարդ, որ երջանիկ կեանք ապրած ըլլայ այս աշխարհի վրայ: Պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին: