ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այսուհետեւ իր ամէնօրեայ աշխատանքներուն պիտի մասնակցին շրջանի երկարամեայ գործիչներ Թամար Պապուճեան եւ Լեռնա Կայսերեան-Շիրինեան, դիմագրաւելու համար 2010ի նոր մարտահրաւէրները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Լեռնա ու Թամար, իբրեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի լիաժամ աշխատակիցներ՝ իրենց ներդրումը պիտի բերեն յանձնախումի աշխատանքներուն, «իրենց հետ բերելով նուիրումի, սպասարկութեան եւ ձիրքերու տպաւորիչ անցեալ մը»:

Իբրեւ յատուկ ծրագիրներու համակարգող, Թամար Պապուճեան, իրեն հետ կը բերէ գրեթէ երկու տասնամեակներու փորձառութիւն՝ սկսած պատանեկանի ու ՀԵԴի անդամակցութեան օրերէն, երբ ան ստանձնած էր վարչական շարք մը պատասխանատուութիւններ: Ան նաեւ իբրեւ բանակող եւ խորհրդատու, 15 տարիներ մասնակցած է ՀԵԴի ամառնային ճամբարներուն: Պապուճեան լուսանկարչութեան մէջ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն, իսկ հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն:
Իբրեւ կառավարական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ, Շիրինեան իրեն հետ կը բերէ համայնքային ու քաղաքական գործունէութեան երկարամեայ փորձառութիւն: Ան գրեթէ տասնամեակէ մը ի վեր, տարբեր հանգամանքներով կը համագործակցի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ: Ան եղած է Հայ Դատի Արհեստավարժներու ցանցին ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչ՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի: Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն շրջանաւարտ Շիրինեան մասնագիտացած է քաղաքական գիտութեանց՝ խաղաղութեան եւ տագնապներու ուսմանց մարզին մէջ: Ան նաեւ վարժողական ծրագրի մը մասնակցած է միջազգային Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային եւ միջազգային ուսմանց հայկական կեդրոնին մէջ:
ayss aghvor aghtchikner’e megagan hay pessatsoui arjani yen
hg
atchket pats
“zartir lao, mernime kezi”