ԱՍՏԱՆԱ.- Յունուար 22ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Եուրի Մերզլեաքով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Ղազախստանի Աստանա քաղաքին մէջ իրենց հանդիպման ընթացքին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն, Յունուար 20ին անոնք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին առաջարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած սկզբունքներու լրամշակուած տարբերակը:
Նշենք, որ Մատրիտեան փաստաթուղթի լրամշակուած տարբերակը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին փոխանցուած էր 2009ի Դեկտեմբերին՝ նշեալ միջնորդներու Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին: Համանախագահները, այս անգամ Պաքու մեկնած են Երեւանի իրենց այցելութենէն մէկ օր ետք, Յունուար 21ին, եւ հանդիպած երկրի նախագահին հետ։
«Համանախագահներու հետ հանդիպումներու ընթացքին, երկու երկիրներու նախագահներն ալ յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու հետամուտ ըլլալ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ վերահաստատել լրջութիւնը, որուն շնորհիւ իրենց կողմը կը մօտենայ բանակցութիւններուն», ըսուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ (www.osce.org): Տարածաշրջան կատարած իրենց այցելութենէն ետք, համանախագահները մեկնած են Աստանա՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնող Ղազախստանի կառավարութեան հետ: Այնուհետեւ անոնք պիտի մեկնին Սոչի, ուր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պիտի հիւրընկալէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումը, որ կը նախատեսուի կայացնել Յունուար 25ին:
Յունուար 22ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Մոսկուան մեծ աշխուժութեամբ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երկխօսութեան։ Ան յոյս յայտնած է, որ Սոչիի մէջ կայանալիք Մետվետեւ-Սարգսեան-Ալիեւ եռակողմ հանդիպման ընթացքին կը շարունակուի այն երկխօսութիւնը, որ սկսած էր անցեալ տարի: «Երկխօսութիւնը բաւական կատարեալ էր. անիկա չունեցաւ որեւէ տպաւորիչ յառաջընթաց, սակայն հաստատապէս ամրապնդեց երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ յարաբերութիւնները, հնարաւորութիւն տուաւ անոնց աւելի խոր կերպով ընկալելու լուծուելիք հարցերը», յայտնած է Ս. Լաւրով: