ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Այսօր՝ Երեքշաբթի, Յունուար 19ը, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցն է, եւ Հրանդ Տինքի բարեկամները արդէն իսկ շարժման անցած են այդ առիթով դարձեալ հաւաքուելու «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ։ Այս հանրահաւաքին պատրաստութիւնը տեսնելու համար 150 հոգիէ բաղկացած խմբակ մը Կիրակի օր Պոլսոյ Պէյօղլու պողոտային վրայ քալեց՝ պարզելով ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ոճրագործը կը ճանչնանք, արդարութիւն կը պահանջենք»։ Ցուցատախտակներուն վրայ նաեւ ծանր քննադատութիւններ կային պետութեան հասցէին։ Հրանդին բարեկամները դիտել կու տան, որ բուն ոճրագործները, այսինքն՝ ոճիրը հրամայողները, ազատ կը պտտին, մինչ անոնց մէկ-երկու սպասաւորները բանտ մտած են։
Քանի մը օրէ ի վեր տեղական թերթերը լեցուն են Հրանդ Տինքի բարեկամներուն կողմէ գրուած յօդուածներով ու ոգեկոչման արտայայտութիւններով։ Յօդուածագիր Օրալ Չալըշլար «Ռատիքալ»ի իր յօդուածին մէջ արտայայտած է «Հրանդ Տինք» անունով մկրտուած փողոցի մը մէջ քալելու կարօտը։
«Թարաֆ»ի մէջ Թուղպա Թէքէրէկ Հրանդին մասին հարցազրոյցներ կատարած է ընկերաբան փրոֆ. Արուս Եումուլի ու փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի հետ։ Եումուլ Հ. Տինքը նմանցուցած է Քաֆքայի նշանաւոր «Դղեակ» անուն վէպի հերոս Ք.ին։ Ան դիտել կու տայ, որ այսօր ալ մարդիկ կը մտածեն, թէ այսպիսի դէպքեր ամէն վայրկեան կրնան պատահիլ ու կը վախնան, թէեւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք թրքահայերու մօտ խուճապ մը, փախուստ մը չարձանագրուեցաւ։ Իսկ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթին դիտել կու տայ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գաղտնիքը չի լուծուիր մինչեւ որ չլուծուի «Վանդակ» կոչուած գաղտնի գործողութեան գաղտնիքը։ Փաստաբանուհին նշած է, որ երեք տարուան ընթացքին շօշափելի յառաջդիմութիւն մը չէ արձանագրուած, «Ընդհակառակը, հիմա աւելի նահանջեցինք», ըսած է ան:
«Ռատիքալ»ի Կիրակի օրուան յաւելուածի առաջին էջին վրայ, Գարին Գարագաշլը ստորագրած էր Հրանդին մասին «Հաշտութեան Համաձայնագրի Ստորագրութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը։ Այս յօդուածին կ՛ընկերակցէր շատ հետաքրքրական որմնազդ մը, որ պատրաստուած է այս տարելիցին առթիւ։ Որմնազդին մէջ կը տեսնուի Հրանդ Տինք, որ «Ակօս»ի խմբագրատան դրան սեմին նստած է իր իսկ գետին փռուած մարմինին քով։
«Զաման»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, «Ակօս»ի հիմնադիրներէն եւ անոր ներկայ խմբագիրներէն Սարգիս Սերոբեան կը յայտնէ, թէ Տինքի երազն էր տեսնել ներկայիս «Էրկենեքոն»ի հարցով հալածուող անձերուն դատապարտումը: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Տինքի սպանութենէն ետք թերթին բաժանորդներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացած է: Սերոբեան եւս կը յայտնէ, թէ Հրանդի սպանութիւնը ծրագրողները անարդարօրէն ազատ կը մնան, մինչ անոնց կամակատարներն են, որոնք կը հետապնդուին: Միւս կողմէ, թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ, Շաբաթ օր եւս հաւաքուած էին մօտաւորապէս երեքհարիւր մտաւորականներ, որոնք անցորդներու կը բաժնէին թռուցիկներ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան վայրը հաւաքուելու մասին։
Հաւաքին մասնակիցները Թաքսիմ հրապարակէն սկսած են իրենց երթը մինչեւ Կալաթասարայ վարժարան՝ իրենց ձեռքերուն մէջ պահելով «Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը», «Ի հեճուկս ֆաշիզմի՝ իմ եղբայրն ես, Հրա՛նդ», «Գիտենք մարդասպանը, կը պահանջենք արդարադատութիւն» կարգախօսերով պաստառներ։
Կալաթասարայ վարժարանին դիմաց միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է արուեստագէտ Մահիր Կիւնշիրայ, որ յայտնած է. «Հրանդ Տինքի զազրելի սպանութենէն երեք տարի անցած է, սակայն անոր սպանութեան պատուիրատուները դեռ հանգիստ կը շրջին։ Իբրեւ գործիք օգտագործուած ընդամէնը 4-5 հոգի դատարանին առջեւ կանգնած է։ Իրենց յայտարարութիւններով այս սպանութեան համար հող նախապատրաստողները հանգիստ կը շարունակեն պաշտօնավարել։ Մարդասպանները աճեցնողները, անոնց պաշտօն տուողները, մարդասպանը դրօշին մօտ կանգեցնող եւ հերոսացնողները տակաւին պետական պաշտօններ կը վարեն։ Արդարադատութեան նկատմամբ մեր յոյսը չէ կորսուած եւ պիտի չկորսուի։ Հրանդը արժանի եղբայրութեան իտէալ մը ձգեց իր ետին։ Արժանի եւ վստահելի եղբայրութեան համար, Հրանդի՛ն համար, արդարութեան համար, Յունուար 19ին հաւաքուինք այն վայրը, ուր դաժանաբար սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.