ԷՆ ԱՐՊԸՐ, Միշիկըն.- Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ Մանուկեան Սիմոն հիմնադրամին օժանդակութեամբ տեղի պիտի ունենայ վերջին երեք տարիներուն դոկտորայի արժանացած հայագէտներու մրցոյթ մը, առիթ ընծայելով շահողներուն, որ իրենց գիտելիքները փոխանցեն համալսարանական դասաւանդութիւններու կամ ուսումնասիրութիւններու ճամբով:
Մրցոյթին արժանացողները պիտի մասնակցին Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագրին գործունէութեան, հանրային երկու դասախօսութիւններ պիտի տան եւ առ նուազն մէկ դասանիւթ պիտի դասաւանդեն: Շահողները կրնան մէկ եռամսեակի (աշուն եւ ձմեռ) կամ մէկ տարերշրջանի (Սեպտեմբերէն Մայիս) համար ապահովել իրենց մրցանակը: Պայման է, որ դոկտորայի տիրացած անհատներներուն դոկտորական թէզերը մօտէն առընչուած ըլլան հայագիտութեան: Դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամն է Փետրուար 5, 2010:
Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը, դարձեալ Մանուկեան Սիմոն հիմնադրամին օժանդակութեամբ, նախաձեռնած է համալսարանի հայագիտական ծրագրին համար այցելու դասախօսներ ապահովելու աշխատանքին, որպէսզի ծրագրին մասնակիցները առիթը ունենան ծանօթանալու հայագիտութեան տարբեր երեսներուն: Նախապատուութիւնը պիտի տրուի պատմութեան, լեզուի եւ գրականութեան մարզերէն դուրս մասնագիտացած դասախօսներու, որոնք իւրաքանչիւր եռամսեակ երկուքական նիւթ պիտի դասաւանդեն: Այս պարագային եւս դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամն է Փետրուար 5, 2010:
Սոյն երկու ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել irjp@umich.edu համացանցային հասցէին կամ (734) 763-0622 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.