ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կամաւոր աշխատանքի փոխարէն «Տիզնի»ի զբօսավայրերուն միօրեայ անվճար մուտք տրամադրող ծրագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
Յունուար 1էն ի վեր գործադրուող սոյն ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է համայնքային կամաւոր աշխատանքի ջատագով «HandsOn» ցանցին ու «Տիզնի» ընկերութեան, նպատակ ունենալով կամաւոր աշխատանքներ քաջալերել:
Ծրագրին պատասխանատուներուն եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ մը, Քալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ գտնուող «Տիզնի»ի զբօսավայրերուն մէկուն միօրեայ անվճար մուտքի տոմս պիտի ստանան բոլոր անոնք, որոնք յանձնախումբին կողմէ սահմանուած կամաւոր աշխատանք կը տանին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կամ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տեղական որեւէ մասնաճիւղի համար:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Գասապեան կը յայտնէ, թէ ծրագիրը շատ լաւ առիթ մըն է քաջալերելու յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որ կամաւոր աշխատանք կատարեն իրենց համայնքին համար:
Ծրագիրը ի զօրու է մինչեւ անոր յատկացուած մէկ միլիոն տոմսերու սպառումը կամ մինչեւ Դեկտեմբեր 15, 2010, որ մէկը որ աւելի առաջ տեղի ունենայ:
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ www.disneyparks.com համացանցային կայքին միջոցաւ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կապուիլ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մօտ այս ծրագիրը համակարգող Հայկ Յովսէփեանին, (818) 500-1918 թիւով: