ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի, լաթվիական «Նիթքարիկազ Ռիթա Աւիզէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ անջատողական շարժումներուն, ըսելով, թէ ժամանակը հասած է, որ Ռուսիա ճանաչում շնորհէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան:
«Ես ատրպեճանցիներու կամ հայերու դէմ կողմնորոշուած չեմ, բայց անոնք այս հարցով (Լեռնային Ղարաբաղի) երբեք պիտի չհամաձայնին, ինչպէս, որ վրացիները պիտի չհամաձայնին աբխազներուն, արաբները՝ հրեաներուն եւ թուրքերը՝ քիւրտերուն հետ», աւելցուցած է ան:
Ժիրինովսքի, անցեալին քանիցս յայտարարած է Ռուսիոյ կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնաելու հարցին իր կողմնակցութիւնը: