ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հրաւէր մը յղած է, քննելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող արձանագրութիւնները, սակայն յատկանշական է, որ հրաւիրեալ կազմակերպութիւններէն միայն մէկը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, արձանագրութիւններուն ընդդիմացողներէն է, մինչ մնացեալը արձանագրութեանց ի նպաստ դիրքորոշուած են:
Արդարեւ, հրաւէրը յղուած է Ամերիկայի հայկական համագումարին, ՀԲԸՄին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն, Վարդանի ասպետներ կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Փետրուարին նախատեսուած հանդիպման հրաւէրը պատասխան մըն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան նախագահ Հէրի Ռիտէն Քլինթընին յղուած այն նամակին, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլար Քլինթընին լսելու արձանագրութեանց նկատմամբ ամերիկահայութեան մտահոգութիւններուն:
Ռիտի գրած նամակին մէջ յատկապէս շեշտուած էր, թէ ամերիկահայութիւնը մտահոգ է արձանագրութիւններուն այն կէտէն, ուր կը նշուի, թէ պատմական հարցերու յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի երկու երկիրներուն ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հրաւիրեալներու ցանկին մէջ հետաքրրքրականօրէն կը բացակային Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերը, ՀՕՄը, ՀԵԴն, ՌԱԿը, ՍԴՀԿը եւ ամերիկահայութիւնը ներկայացնող շարք մը այլ կազմակերպութիւններ, որոնք մասնակցեցան արձանագրութիւններուն դէմ Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի ցոյցերուն:
Ժողովրուդին ձայնին անսալու դիմումը բացայայտօրէն անտեսող Քլինթընի եւ Միացեալ Նահգանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այս կեցուածքը ցոյց կու տայ, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը պատրաստ չէ Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այս հարցը լրջօրէն քննելու:
Ամերիկահայութեան հսկայական մէկ հատուածը անտեսելու այս որոշումը կ՛ոտնակոխէ թափանցիկութեան եւ բոլոր կողմերուն մտահոգութիւնները անսալու կապակցութեամբ Օպամայի նախընտրական խոստումները:
Այս հրաւէրով անտեսուած կազակերպութեանց ղեկավարները պէտք է իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելով յստակ դարձնեն Ուաշինկթընի, թէ նման խորհրդակցութիւն մը պէտք չէ մեծաւ մասամբ Ուաշինկթընի ցուցմունքնրուն հետեւող կազմակերպութեանց հաւաք մը ըլլայ, այլ բոլորին ձայնը լսելու առիթ մը դառնայ ան:
Եթէ, ՀԲԸՄ-ը ու Ամերիկայի Հայկական Համագումարը կը կարծեն թէ իրենք կը ներկայացնեն Հայկական ներույժը՝ պարզապէս մսխելով Հայերու նուիրատուութիւնները նախ՝ իրենք իրենձ հոգալով ու հարստանալով, ապայ, ՀՀ ներկայ Վարչակարքին դիկունք կանքնելով (նման հայաստանի ներկայ օլիկարխներուն), իսկ աւելցուկը գործածել խեղճ ու կրակ մի գանի դպրոցականներու ուսումին…։
Ժամանակն է Հաշուեհարթարի ու ազդարարութեան այս Խումբերուն դեմ՝ որպեսզի չի գործածեն «Հայ» կամ «Հայկական» անունները ընդհանուրապէս Հայերուն դեմ, նման Սուլթան համիտի օրով հայ «Չելեպի»ներու խումբ մը որոնք տերերն էին «Պանք Օթօմանի»։ Արտօնութիւն կուտային իրենձ հարստութիւնը, պարտքի, գործածելու Օսմանիան Կայսրութեան։ Բայց երբ ժամանակը ստիպեց որ ՀՅԴ-ն զենքի դիմեր և պետք ուներ զենքերու- նման վերեվի հարուստներուն իրենձ «խաղաղութիւնը» կը խանքարուեր. ուստի կաշխատէին սուլթանին համար լրտեսելով Հայ գործիչներուն դեմ։
Abris Vasken,
Gouzeyi aveltzenem eselov ays desag madnerov hashvas
chi bedk ae gochvin Haayer ayl atsaagaan mae aveltsenelov
ellaan Tavadjan Haayer tsaankin mech Anitzial ellaan yev irentz traame.
Getse Hye Azke
Getse Ho. He. Tan Hye Azkin Bahaban