Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի մը շաբաթէն, Միացեալ նահանգներ, նաեւ՝ անոր քաղաքական «ոստոստումներէն» կախեալ աշխարհը, պիտի նշեն Պարաք Օպամայի նախագահութեան առաջին տարեդարձը։
Տարի մը առաջ, Օպամա պատմութիւն կերտեց, հանդիսանալով Սպիտակ Տան աթոռը շահող առաջին ոչ-սպիտակամորթ անձնաւորութիւնը. ընտրապայքարի օրերուն թէ ընտրութենէն անմիջապէս ետք, անոր խոստումները թեւեր տուած էին ո՛չ միայն բարեփոխման դարաշրջանի մը սպասող ամերիկացիներուն, այլ նաեւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք պահ մը հաւատացած էին անոր «փոփոխութիւն» ու «այո՛, կարող ենք» նշանախօսքերուն, ուրեմն, արդարօրէն կը սպասէին, որ 8 տարիներու անկումային քաղաքականութենէ մը ետք, Ուաշինկթըն ու աշխարհը պիտի թեւակոխէին դէպի բարեփոխութիւն, տնտեսական վերականգնում ու ընկերային արդարութիւն, հետեւաբար նաեւ՝ իրաւազրկեալ ժողովուրդներու եւ արհամարհուած Դատերու լուծման ճամբայ բացող ժամանակաշրջան մը։
Անցնող մէկ տարին բացայայտ դարձուց, որ նորընտիր նախագահը գործնապէս մեծ տարբերութիւն չունի զինք կանխողներէն. հիմնական տարբերութիւնը )հետեւաբար աւելի՛ ողբերգական վիճակը( այն է, որ համբակի վաստակ ունեցող Ճորճ Պուշ Կրտսերին յաջորդած է իմաստուն, լաւ խօսող ու հմայք ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ սակայն մտած է նախորդին հաստատած ողբերգական մրցանիշները… գերազանցելու ընթացքի մը մէջ. այլ խօսքով, եթէ Կրտսեր Պուշը պատմութեան անցաւ, ստապատիր յայտարարութիւններով, Միացեալ Նահանգներն ու աշխարհը դէպի սնանկացնող պատերազմներու եւ տնտեսական-ընկերային տագնապներու գիրկը նետող մրցանիշակիր մը, կը թուի թէ Օպամա կը փորձէ հաստատել իր տուած խոստումներէն ու խոստացած բարեփոխութիւններէն արագօրէն ետդարձ կատարողի՛ մրցանիշ մը։
Երբեք չենք արհամարհեր կամ անտեսեր այն իրավիճակը, որ աշխարհին ու ժողովուրդներուն վիճակուած է իբրեւ հետեւանք՝ համաշխարհայնացումի զանազան վատ զարգացումներուն։ Տակաւին, կարելի է որոշ չափով համաձայն ըլլալ այն տեսակէտին, թէ նոր նախագահը ի վերջոյ լաւ բաներ ալ ընելու վրայ է։ Այսուհանդերձ, ընդհանուր պատկերը ուրիշ բան կ՛ըսէ. այսինքն, ներքին թէ միջազգային քաղաքական դաշտերուն մէջ, Օպամայի միամեայ վաստակը աչքի առջեւ ունենալով, կարելի չէ չսրդողիլ անոր առած քայլերուն ի տես, որովհետեւ թեկնածու Օպաման ու Սպիտակ Տուն մուտք գործող ընտրեալը բարձրացուցած էր դրօշ մը, որուն վրայ մեծ տառերով գրուած էր «փոփոխութիւն»։ Այսօր, տարի մը ետք, կարելի է տարուիլ այն չքմեղանքով, որ 8 կամ աւելի ահաւոր տարիներու պատճառած «աւերումները» կարելի չէ բարեշրջել մէկ տարուան ընթացքին, կամ՝ բարեշրջման դրօշակիր Օպամայի օձիքն ալ կը գտնուի այն «ուժեր»ուն ձեռքը, որոնք իրենց կամքը պարտադրած էին զինք կանխողներուն, ուրեմն, ան ալ գերի է «մեծերու» խաղերուն։ Այս բոլորը, սակայն, չեն կրնար մեղմացնել Սպիտակ Տան պետին մեղապարտութիւնը. աւելին, պարզուող վիճակին մէջ, դեմոկրատներու վայելած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կեղծիքի պատկերին մէկ այլ արտայայտութիւնն է եւ ցոյց կու տայ, թէ ընդհանուր ընթացքին մէջ միայն ձեւական փոփոխութիւններ յառաջացած են, բաղդատմամբ պուշեան տարիներուն, երբ դեմոկրատները փոքրամասնութիւն էին ու կը պատրուակէին, թէ հանրապետականները կ՛արգելակեն բարեշրջման իրենց փորձերը, ձգտումները։
ԴՐԺՈՂԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԻ
ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ-
ՄԻæԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ
ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԴԱՇՏ
Միամեայ փորձառութիւնը կը ներկայանայ ներքին-տնտեսաընկերային թէ միջազգային դաշտերու մէջ դրժումներու շարքով մը, որ ափ ի բերան ձգած է Օպամայի խստումներուն հաւատք ընծայողները։
Պահ մը ընդունինք, որ նոր նախագահը յառաջ բերած է մանր բարեփոխութիւններ, սակայն ընդգծենք, որ անոնք բաւարար չեն փրկելու իր կաշին, պարզ այն պատճառով, որ նման քայլեր անխուսափելի նուազագոյնն են, բաղդատմամբ մեծ ողբերգա-կատակերգութիւններուն. փաստօրէն, ոեւէ իշխանաւոր արդէն պարտաւո՛ր է գործելու ի խնդիր բարեփոխութեան, երկրին ու ժողովուրդի բարւոքումին։ Ուրե՞մն…
Ստեղծուած ընթացքը արդարօրէն կը յիշեցնէ կատակ մը, որ աժան էր արաբ-իսրայէլեան պատերազմներու օրերուն. կը պատմուէր, որ Եգիպտոսի երբեմնի նախագահը՝ Ապտէլ Նասէր, գնած է հրասայլեր, որոնք ունէին դէպի յառաջ մէկ արագութիւն (gear), իսկ դէպի ետ՝ երեք արագութիւն։
Արձանագրենք, սեղմ գիծերով ու թւումի կարգով, միջազգային գետնի վրայ Օպամայի չնաշխարհիկ իրագործումներէն մէկ քանին )ցանկը միշտ ալ կարելի է երկարել(, նախ կանգ առնելով հրատապ տագնապներու առջեւ. յաջորդիւ, առանձին սիւնակներով վեր պիտի առնենք միջազգային այլապէս ծանրակշիռ տագնապներ, իսկ անկէ ետք՝ կ՛անդրադառնանք ներքին տնտեսա-ընկերային «իրագործումներու» պատկերին։
ՀԱՅԵՐՍ եղանք Օպամայի, իր արտաքին գործոց նախարարին՝ Քլինթընի ու բարձրաստիճան միւս գործակիցներուն խոստմնադրուժ վարքագիծը առաջին ճաշակողներէն։ Հոս կարիք չենք զգար երկարօրէն, ու մանրամասնութիւններուն վերադառնալով, խօսիլ այն քաղաքականութեան մասին, որ անցեալ Ապրիլէն ի վեր բեմադրուեցաւ մեր իրաւուքներուն լուսանցքայնացման ուղղութեամբ։ Երեւանի իշխանութիւններուն գործակցութեամբ, նախ հրապարակ նետուեցաւ, Ապիլ 22ին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բարելաւման «Ճամբու Քարտէս»ը, յաջորդեցին ծանօթ փրոթոքոլներուն հրապարակումը՝ Օգոստոսի վերջերուն ու անոնց ստորագրումը՝ Հոկտեմբեր 10ին։ Ցեղասպանութեան ճանաչման խոստումը վերածուեցաւ «Մեծ Եղեռն»ի յիշատակման, իսկ փրոթոքոլներուն ճամբով՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ «պատմական առկախ հարցերու քննարկման յանձնախումբի կազմութեան» հաւաստիքը մեր Դատին համար ետդարձի հարուած մը հանդիսացաւ, որքան ալ որ Ուաշինկթըն ու Երեւան փորձեն մեղրով պատել պատրաստուած թոյնը։ )Հարցը չի սահմանափակուիր Ցեղասպանութեամբ. հողային հարցերը չեն մոռցուած(։
ԻՍՐԱՅԷԼ-ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ գիծին վրայ, խաղցուեցան մէկէ աւելի խեղկատակութիւններ։ Տարիներ առաջ, այս տագնապին լուծման համար ալ հրապարակ նետուած «Ճամբու Քարտէս»ը կը զարգանայ տրուած խոստումներուն հակառակ ընթացքով, գործնական դասեր տալով, թէ ինչպիսի ընթացք կը սպասէ մեզի վերաբերող «ճամբու քարտէս»ին…։ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու հողամասերու իւրացումը կը շարունակուի, հրէական բնակեցման վայրերու մասին բառախաղերը կը կրկնուին, Կազա կը մնայ հեղձուցիչ պաշարման տակ, Եգիպտոս, ամերիկացի հոգատարը չվրդովեցնելու համար, ենթակայ կը մնայ Իսրայէլի կամքին, մինչեւ իսկ արգիլելով կազացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել ուզողներուն ճիգերը, ու, քիչ մըն ալ աւելին, սահմանին վրայ ի՛ր պատնէշը կառուցելով, գործ կը հայթայթէ շինարարական որոշ ընկերութիւններու։ Ուաշինկթընի համար անընդունելի յայտարարուած իսրայէլեան քայլեր՝ կը հանդիպին Օպամայի ու Հիլըրի Քլինթընի կրաւորական ու հանդուրժող հակազդեցութիւններուն. կ՛ըսուի, օրինակի համար, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար Իսրայէլի պարտադրել քաղաքական ընթացք )մինչդեռ ուրիշ տեղ մինչեւ իսկ իրողական յեղաշրջումներ կարելի կը դառնան, կամ անբաղձալի դարձած նախագահներ կախաղան կը հանուին…(։ Իսրայէլ, բաժանումի պատին զուգահեռ, Արեւմտեան Ափին վրայ կը բանայ մայրուղիներ, ուրկէ ոչ-իսրայէլացիներու երթեւեկը կ՛արգիլէ առանց դատապարտանքի խօսքերու։ Պաղեստինեան կողմին համար, անընդունելի ու անարդար վիճակը կը ստեղծէ այնպիսի կացութիւն, որուն մէջ, Օսլոն ստորագրած Եասէր Արաֆաթի բացած՝ համակերպողի, նահանջողի վարքագիծը ժառանգած Մահմուտ Ապպաս կը հրաժարի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալէ, «քաղաքավար» կերպով արտայայտելու համար իր բողոքն ու հիասթափութիւնը։ Ան վաղը-միւս օր կրնայ յարիլ «Համաս»ին ու պաշտօնի աւարտէն ետք կատարել անոր պահանջատիրութիւնն ու վարքագիծը արդարացնող յայտարարութիւններ, ինչպէս որ կարգ մը ամերիկացի պաշտօնատարներ, պաշտօնի աւարտէն ետք, կը քննատադեն իրենց յաջորդներուն անարդար ընթացքը։ Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Ճիմի Քարթըրէն աւելի լաւ օրինա՞կ կ՛ուզէք…
ԻՐԱՔի բեմին վրայ խեղկատակութիւնը ունի բազմաթիւ գոյներ։ Օպամա յայտարարած է թէ պիտի յարգէ ամերիկեան ուժերը Իրաքէն հանգրուանաբար հեռացնելու, գէթ անոնց թիւը նուազեցնելու իր խոստումը։ Այս գիծին վրայ, Ուաշինթընի ու անոր վարքագիծը աշխարհին «ծախող» զանգուածային մամուլին քարոզչութիւնը կը զարգանայ քանի մը գիծի վրայ։ Օրինակի համար, կ՛ըսուի, թէ Իրաքի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու ամերիկեան ճիգերը սկսած են արդիւնաւորուիլ, «ընդդիմադիրներու» ահաբեկչական գործողութիւնները նուազում կ՛արձանագրեն, ներքին հակամարտութիւնները մեղմացած են, մէկ խօսքով՝ արեւմտեան ուժերու Իրաք մուտքի նպատակները սկսած են արդարանալ։ Իրականութիւնները «տարբեր ձորի մէջ» են։ Ռմբահարումները կը շարունակուին օր աւուր, բազմահարիւր զոհեր ու ահագին վնաս պատճառելով. իրաքեան ապահովութեան ուժերը տակաւին չեն հասած կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարողութեան։ Միւս կողմէ, սակայն, իրականացած է Իրաքի գրաւման չյայտարարուած գլխաւոր նպատակը. Իրաքի իշխանաւորները այնքան մը հաստատուած են իրենց աթոռներուն վրայ, որ սկսած են համարձակօրէն պայմանագրութիւններ ստորագրել քարիւղի արեւմտեան-միջազգային ընկերութիւններու հետ, այլ խօսքով, Իրաքը պաշտօնապէս, օրէնքի ճամբով կողոպտելու նոր դարաշրջան մը բացուած է անոր իշխանաւորներուն մեղսակցութեամբ ու գործակցութեամբ )նոր տարբերակը՝ 1958ը կանխած դրութեան(։ Երբ նպատակադրուած շահերը կը սկսին ապահովուիլ, խափանարարութեանց ու ռմբահարումներուն հետեւանքները կը սկսին «վրիպիլ» լուսարձակներէ, Իրաքը կը ներկայացուի իբրեւ աւելի կայուն գօտի, անմեղներու սպանդը կրնայ ծառայել… արեւմտեան ուժերու կեցութիւնը ճշդուած պայմանաժամէն աւելի երկարաձգելու որոշումներու արդարացման։ Արդէն ամերիկացի հրամանատարներ չեն ծածկեր, որ Օպամայի խոստումը պայմանական է ու կրնայ չիրականանալ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ։
ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆի մէջ տեղի կ՛ունենայ այլ բեմադրութիւն մը, որ բոլորովին անկապ չէ Իրաքի էջէն։ Այն օրերուն, երբ Նոպէլեան Մրցանակի դատակազմը կը քննարկէր ու կը տնօրինէր խաղաղութեան մրցանակը Պարաք Օպամայի շնորհելու հարցը, անդին, Օպամայի ռազմագէտները կը պատրաստէին Աֆղանիստանի ամերիկեան ուժերը աւելցնելու ծրագիր մը։ Իրեն շնորհուած մրցանակը ստանալու համար Օսլօ ուղղուելէ առաջ, Օպամա հրապարակեց աւելի քան 30,000 զինուոր եւս Աֆղանիստան ղրկելու որոշումը, եւ ծափահարութիւններու արժանացաւ զինուորականներու թէ խաղաղապա՜շտ քաղաքական մարդոց կողմէ։ ՆԱԹՕի դաշնակիցները քանի մը հազար զինուորով մասնակցելու «պոչիկ» մը աւելցուցին, միանալով ծափահարութիւններուն։ Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Աֆղանիստանի մէջ պայմանագրութիւններով գործողներու թիւը եւս տասնեակ հազարներով յաւելում պիտի կրէ )խօսքը կը վերաբերի այն ընկերութիւներուն, որոնք ամերիկեան ուժերուն ծառայելու, կամ Աֆղանիստանը դէպի արդիականութիւն առաջնորդելու համար, մեծագումար պայմանագրութիւններ ունին-կը կնքեն ամերիկեան կառավարութեան հետ, ապահովելով հսկայական շահեր, բնականաբար՝ շահատուրք վճարող ամերիկացիներու հաշւոյն(։ Երբեք չի խօսուիր այն իրականութեան մասին, որ պատերազմները, Աֆղանիստանի մէջ թէ այլուր, առեւտրական մեծ գործառնութիւններ են։ Զինուորներուն զգեստաւորման, կեցութեան ու ամենօրեայ կարիքներուն մատակարարման համար գործի կը կոչուին ընկերութիւններ, որոնց վճարուած գումարներէն մաս մըն ալ կը հոսի (եղեր)… «Թալեպան»ներու գանձանակը. ծանօթ է որ «Թալեպան»ները հռչակուած են իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, որոնց բնաջնջման համար է որ արեւմտեան ուժեր փութացեր են Աֆղանիստան։ Ամերիկեան մամուլի յանդուգն լրագրողներ վերջերս բացայայտեցին, թէ Աֆղանիստանի մէջ ծառայող ամերիկեան բանակները երբեմն կը ստիպուին տեղափոխութեան համար գործածել «Թալեպան»ներու հակակշիռին ենթակայ ճամբաներ կամ լեռնանցքներ, ուրեմն, ընդդիմադիր ուժերը, զանոնք չպատուհասելու համար, «տուրքեր» կը գանձեն. գումարները կը գնահատուին բազմատասնեակ միլիոններով…։ Ընդհանրապէս շատ չի խօսուիր նաեւ այն իրողութեան մասին, որ Աֆղանիստանի մէջ գրաւող ուժերը աստիճանաբար դաշնակից դարձած են այն ցեղապետներուն ու զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք ատենօք կը կանգնէին կեդրոնական իշխանութիւններուն դէմ, հռչակուած էին իբրեւ արեւմտեան աշխարհը պատուհասող թմրանիւթեր արտադրողներ ու վաճառողներ։ Անոնցմէ շատեր այսօր զօրավիգ են )իմանալ՝ գործակիցներն են( Քապուլի իշխանութեան։ Հաճելի չէ նաեւ խօսիլ այն իրականութեան մասին, որ Աֆղանիստանի կեդրոնական իշխանութիւնը իրողապէս հեղինակութիւն չի վայելեր Քապուլի անմիջական շրջակայքէն անդին։ Իսկ լուսանցքներէ հեռու պահուող այս իրականութեանց դիմաց, քանի մը ամիս առաջ նոյնինքն մայրաքաղաք Քապուլի մէջ բեմադրուեցաւ հնարամիտ այլ խեղկատակութիւն մը, երբ Ուաշինկթըն փորձեց գահազուրկ դարձնել տարիներ առաջ իր տեղադրած Համիտ Քարզայը, որովհետեւ ան յանդգնած էր քանի մը նետ արձակել Ուաշինկթընի հասցէին, քննադատելով ամերիկեան օդանաւերու ռմբակոծումներուն հետեւանքները )ահաբեկիչներ հետապնդելու նպատակով, ամերիկեան ամէնէն արդիական օդանաւեր ու հրետանին կը ռմբակոծեն հողաշէն, խեղճ ու կրակ գիւղեր, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր. երբեմն ի յայտ կու գայ, թէ տուեալ գիւղերուն մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան մասին տեղեկութիւնները ճիշդ չէին…(։
Նախագահական ընտրութեանց բեմադրութեան առաջին արարը վերջ գտաւ առանց յաղթականի, երկրորդ հանգրուանի նախօրեակին, Քարզայի մրցակիցը՝ Ապտուլլա Ապտուլլա, քաշուեցաւ ընտրապայքարէն, յայտարարելով, որ ընտրապայքարէն հրաժարելով, կը բողոքէ… զեղծումներուն դէմ։ Յայտնապէս, Քարզայ իր դասը առեր էր, իսկ մրցակիցն ալ՝ ամերիկեան ճնշումներէն ի՛ր բաժինը. վերահաստատուած նախագահին նորագոյն խոստումները կ՚ըսեն, որ կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը պիտի դարմանուին։ Իսկ թէ ո՞վ կամ ինչպէ՞ս վերջ պիտի դնէ հետզհետէ աւելի՛ մահացու դարձող ոճրային խափանարարութեանց, ամերիկեան ու գործակից ուժերու մահասփիւռ ռմբակոծումներուն՝ այդ մասին ոչ ոք ժամանակ ունի արտայայտուելու։ Յետոյ, որո՞ւ հոգը, թէ մէկ ահաբեկիչ հետապնդելու համար, բազմատասնեակ կիներ, մանուկներ կը ջարդուին։ Չէ՞ որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անուան տակ առնուղ որեւէ քայլ ի սկզբանէ արդարացուցած է ու հարցապնդում չի հանդուրժեր…
(Շար. 1)