«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, ներկայիս աշխարհի մէջ աւելի քան հարիւր «պլոկըրներ» (համացանցի մէջ անհատական վայր ունեցողներ, որոնք իրենց անձնական գրառումները կ՛արձանագրեն այդ վայրի մէջ՝ զանոնք տրամադրելի դարձնելով հանրութեան) եւ այսպէս կոչուած «համացանցային այլախոհեր» բանտարկուած են։ Տարուէ տարի կ՛աւելնայ թիւը այն երկիրներուն, որոնք համացանցին մէջ գրաքննութիւն կը կիրարկեն։
Համացանցին մէջ գրաքննութիւն ամէնէն շատ տարածուած է Չինաստանի, Իրանի, Թայլանտի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ։
Կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի մէջ երկու պլոկըրներ դատապարտուած են երկու տարուայ ազատազրկման պարզապէս, որովհետեւ իրենց տեսահոլովակններուն մէջ ծաղրած են քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները։
«Էխօ Մոսկվի» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը կը խոստանայ Մարտի կէսերուն «համացանցի թշնամիներու դէմ» քայլերու ձեռնարկել։