ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Հայաստանէն Եւրոդատարան ուղղուած դիմումներուն ցուցանիշը գրեթէ հաւասար է եւրոպական այլ երկիրներէ ուղղուած դիմումներուն: Վիճակագրական ցուցանիշներով, միջին հաշուով իւրաքանչիւր 10 հազար բնակիչին կը հասնի 0.33 դիմում:
Ըստ փաստաբան Արա Ղազարեանի տուած տեղեկութիւններուն՝ մօտաւորապէս նոյնն է նաեւ մեր հարեւաններու՝ Ատրպէյճանէն եւ Վրաստանէն Եւրոդատարան ուղարկուած գանագատներուն ցուցանիշը: Թէեւ 2008ին կտրուկ աճ արձանագրուած է Վրաստանէն ուղարկուածներու թիւը եւ 0.37ը դարձած է 4.04, բան մը որ պայմանաւորուած է ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմով, որմէ յետոյ մեծ քանակով դիմումներ ուղարկուած է Եւրոդատարան։ Նոյն շրջանին է, որ նաեւ եղած է միջպետական գանգատ՝ Վրաստան ընդդէմ Ռուսիոյ:
Տարիներու առումով Հայաստանի ցուցանիշը նոյնպէս հիմնական փոփոխութիւն չէ կրած: Հոսքը գրեթէ նոյն ցուցանիշի սահմաններուն մէջ է՝ աննշան տատանումներով:
«Հայաստանից գնացած դիմումների առաջին մեծ հոսքը եղել է վարչական կալանքի հարցերով 2004 թուականից: Քաղաքացիական գործերով գանգատներ են գնացել Հիւսիսային պողոտայի, Գլխաւոր պողոտայի գործերով: 2005-2007 թուականներին բազմաթիւ գործեր են ներկայացուել նախնական կալանքի վերաբերեալ: Այս խնդրի հետ կապուած առնուազն 5-6 համակարգային խնդիր է բարձրացուել», ըսած է փաստաբանը եւ յայտնած, որ անոնց մէկ մասին իր որոշումներով լուծում կը փորձէ տալ Վճռաբեկ դատարանը։
Հիւսիսային պողոտայի գործերը փաստաբանը կը բաժնէ երկու սերունդի: Առաջին խումբին մէջ կը մտնեն ստիպողաբար խլուած բնակարաններուն վերաբերող գործերը՝ մինչեւ օրէնքի ընդունումը, երկրորդ խումբին մէջ՝ օրէնքի ընդունումէն յետոյ:
«Մինչ այժմ ունենք մէկ վճիռ: Այն ընդունուեց 2009ի Յունիսիսին, ուժի մէջ մտաւ Սեպտեմբերին: Եւրոպական դատարանը հաստատեց, որ գոյքի օտարումը (սեփականատէրի ձեռքէն առնուիլը-Խմբ.) չի եղել օրէնքով սահմանուած կարգով, օտարման, նաեւ փոխհատուցումը հաշուարկելու ամբողջ գործընթացը կատարուել է կառավարութեան որոշումների հիման վրայ: Սա էր ամենակարեւոր մեկնաբանութիւնը», ըսած է փաստաբան Արա Ղազարեան:
Փաստաբանը կարեւոր կը գտնէ նաեւ եւրոպական դատարանի մեկնաբանութիւնը գոյքային իրաւունքը ճանչնալու հարցին մէջ: Եւրոդատարանը, ըստ իրեն, փաստօրէն ընդունելի չէր գտած կառավարութեան մեկնաբանութիւնը:
«Կառավարութիւնը պնդում էր, որ ընդհանարապէս գոյքի օտարում տեղի չի ունեցել Հիւսիսային պողոտայի գործերում: Պետութիւնը վերցրել է իրեն պատկանող հողը», բացատրած է փաստաբանը եւ աւելցուցած, որ 2006էն ի վեր Հիւսիսային պողոտայի 16 գործ արդէն կը գտնուի ծանուցման փուլի մէջ: Կառավարութիւնը երկար ժամանակ բանակցութիւններու մէջ մտած է կողմերուն հետ, իսկ բանակցութիւնները յատկապէս կ՛ընթանան փոխհատուցման գումարներուն շուրջ, որ ըստ փաստաբանին նոյնպէս ընթացակարգային խնդիր է: Ծանուցելով՝ Եւրոդատարանը կողմերուն կ՛առաջարկէ հաշտութեան բանակցութիւններ եւ եթէ կողմերը հաշտուին, իբրեւ արդիւնք դատական քննութիւնը կը կանգնի:
Փաստաբանին կարծիքով Եւրոդատարանի վճիռները Հայաստանի համար առաջին հերթին ունին ուղեցոյցային նշանակութիւն եւ զսպողի դեր պետութեան համար:
«Ցուցիչ կարելի է համարել, որովհետեւ եթէ Վճռաբեկ դատարանը, որպէս բարձրագոյն ատեան, որեւէ համակարգային հարց կարողանում է լուծել, ապա այդ հիմքով գործերի հոսքը դադարում է», ըսած է փաստաբան Ղազարեան:
Նշեալ փուլին մէջ փաստաբանը դատարանի վճիռներու մասով մտահոգիչ կը գտնէ այլ հարց մը՝ վճիռներու կատարման ընթացքը: Եւրոդատարանի բոլոր վերջնական վճիռները պարտադիր են գործին առնչուող պետութիւններուն համար, իսկ դատավճիռներու կատարման վերահսկման համար, ըստ Ա. Ղազարեանի, պատասխանատու է Նախարարներու խորհուրդը:
«Եւրոպական դատարանի վճիռների կատարման ուղղութեամբ կիրառւում են այնպիսի միջոցներ, որոնք ամբողջութեամբ չեն փոխհատուցում կամ վերականգնում խախտուած իրաւունքը: Այլ կերպ՝ պետութիւնը խուսանաւում է: Ունենք 20 վճիռ, դրանցից միայն մէկի դէպքում է Նախարարների կոմիտէն յայտարարել, որ գործը փակուած է», յայտնած է փաստաբանը:
Անոր հաւաստումով՝ նախորդ տարիներու ընթացքին Հայաստանէն Եւրոդատարան ուղղուած է աւելի քան 1500 դիմում, որոնց 20ը վճիռ ստացած է: Ըստ իրեն հրապարակուած վճիռները 20 են, որոնց 9ը կայացած է 2009ի ընթացքին:
Փաստաբանը յայտնած է, թէ նշեալ 20 վճիռներէն պետութիւնը շահած է միայն մէկը:
Նեշնք, որ դիմումներու վերջին հոսքը կը վերաբերի մարտիմէկեան գործերով ընթացած դատավարութիւններուն, որոնց քննութիւնը պիտի սկսի այս տարուայ երկրորդ կիսուն: