ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Իրենց էութեամբ, ծագման դրդապատճառներով ու ծաւալած գործունէութամբ, կուսակցութիւնները կոչուած են դառնալու առաջատար ուժն ու նախատարերքը ընկերային կեանքի կազմակերպումին, ինչպէս նաեւ հիմքը՝ քաղաքական համակարգի կառուցումին։
Քաղաքական համակարգի արդիւնաւորութիւնը մեծ չափերով կախեալ է կուսակցութեանց եւ հանրապետութեան միջեւ կառուցային յարաբերութիւններու մակարդակէն ու հանգամանքներէն։ Խորքին մէջ, կուսակցութիւններն են, որ մղում կու տան քաղաքական համակարգի արդիւնաւոր գործունէութեան։
Կուսակցութիւնը այն միջավայրն է, ուր կը նախապատրաստուի, կը կազմաւորուի ու առաջ կը մղուի արժանաւոր ղեկավարներու տարրը։ Այդ միջավայրին մէջ կը նախաձեռնուի բնակչութիւնը քաղաքականօրէն դաստիարակելու գործը։ Կուսակցութեանց խթանով է, որ քաղաքացիները երկրի կառավարման ընդհանուր համակարգին մէջ մասնակցութեան իրենց բաժինը կը ստանձնեն։ Նաեւ՝ անոնց միջեւ առկայ մրցակցութեանց շնորհիւ առիթ կը տրուի ընտրազանգուածին, որ քուէի ճամբով փոխարինումի իր ընտրանքը կարենայ կատարել։
Բոլորովին տարբեր հոլովոյթով զարգացաւ Հայաստանի քաղաքական դաշտը։
Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն ետք, անցումային շրջանի շփոթին մէջ, իշխանութեան աթոռները գրաւեցին Ղարաբաղեան շարժումի պարագլուխներ կամ կռուի ճակատներուն վրայ, թէ՝ ճակատներու ետին անուն վաստկած գործիչներ, որոնք
կազմակերպականօրէն եւ իբրեւ անհատականութիւն չէին կազմաւորուած որեւէ ժողովրդավար կուսակցական դպրոցի մէջ, ուր որոշ չափով կը տիրէ սկզբունք, կայ վերանորոգուելու մեքենականութիւն, յօգուտ քաղաքացիներու աշխատելու ձգտում, իրար հանդուրժելու մթնոլորտ եւ ինչ որ կարեւորն է ու ժողովրդավարութեան համար նախապայման՝ տարբեր մօտեցումով ու հարցերը տարբեր տեսակէտով դիմագրաւող մարդոց հետ կենակցելու-գործակցելու վարժութիւն։
Զարտուղի այս հոլովոյթին հետեւեանքը եղաւ այն, որ շարժումին մէջ որոշ դերակատարութիւն ունեցած, բայց եւ այնպէս իշխանութեան շոգեկառքին չհասած անձեր մրցումի ելլեն, իրենք ալ իրենց բախտը փորձեն, որով եւ Հայաստանի քաղաքական հրապարակը խճողեն կուսակցութիւններով (ներկայ հաշուով շուրջ վաթսուհինգ)։ Կուսակցութիւններ, որոնք զուրկ կազմակերպական փորձէ ու յենարանէ, պայմանաւորուեցան անձերով ու պատկանեցան անձերու, եւ ոչ՝ հակառակը։
Կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ կուսակցութեանց դիմագրաւած մարտահրաւէրները ըստ էութեան առնչուած են նոյնինքն ժողովրդավարութեան ու ժողովրդավար համակարգի կառուցումին հետ։
Ի՞նչ ըսել կ՛ուզենք։
Լայն իմաստով կուսակցութեանց գլխաւոր նպատակը (նաեւ առաքելութիւնը) կը կայանայ այն ձգտումին մէջ, որ կ՛առաջադրէ քաղաքացիները ներգրաւել երկրի քաղաքական համակարգին մէջ։ Անոնք, իրենց կառոյցով ու ժողովրդավար ներքին կանոններով ունին նպաստաւոր ենթահողը, ուր ընկերային տարբեր շահերու հետամուտ եւ իրարու մրցակից խաւեր միեւնոյն միջավայրին մէջ իրարու կը բախին, ուր հակոտնեայ խնդիրներ «հարկադրաբար» կը ներդաշնակուին, լուծումի կը յանգին եւ բիւրեղանալով կը վերածուին մէկ յայտարարի ու կը դառնան քաղաքական պահանջ ու քաղաքականութիւն։ Այս գործընթացն է, այսինքն ներ–կուսակցական յարաբերութիւններն են, որոնք կը ճշդորոշեն նաեւ տուեալ կուսակցութեան բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը։
Այնպէս որ, կուսակցութեանց կառոյցն ու կազմակերպական մեքենականութիւնը պայմանաւորող ներքին կանոնագրութիւնը մեծ նշանակութիւն ունին քաղաքացիի ընկերայնացումին մէջ։ Ընկերայնացում, զոր պէտք չէ ըմբռնել անհատի քաղաքականացման սեղմ իմաստով, այլ շատ աւելի ընդհանուր ու լայն՝ քաղաքակրթական հասկացողութեամբ ու պարունակով, քանի որ ներ–կուսակցական յարաբերութիւնները, գործերը վարելու, որոշումներ կայացնելու եւ գործադրելու եղանակը, մէկ խօսքով՝ կուսակցութեան բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը կուսակցական սահմանափակ միջավայրէն դուրս գալով կը ներգործեն հասարակութեան վրայ՝ ստեղծելով համապատասխան մշակոյթ, որ քաղաքականէն շատ աւելին է եւ կը տարածուի ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն ու արտայայտութեանց վրայ։
Հակադարձաբար, կազմակերպական խարիսխէ ու ժողովրդավար հիմունքէ զուրկ կուսակցութիւնները պարզապէս կը վերածուին մեքենականութեան մը, որ ղեկավար դասին դիրքերը կը պահպանէ եւ անոր իշխանական աթոռներ կը փորձէ ապահովել։ Կը հաստատուի ընտրեալներու եւ հրահանգողներու գերիշխանութիւն՝ ընտրողներու եւ հրահանգուողներու վրայ։ Հետզհետէ կը ստեղծուի քաղաքական այնպիսի մշակոյթ, ուր աստիճանաբար կը ձեւաւորուի անձնիշխանութեամբ ղեկավարուող համակարգ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, իշխանութեան աստիճանակարգի ամէն մէկ սանդխամատին՝ գերադասէն դէպի ստորադասը։
Ահա թէ ինչու վճռական կարեւորութիւն ունին կուսակցութեանց համար կազմակերպական ցանցն ու ժողովրդավար կանոնագիրքը, որոնց միջոցով պիտի բացայայտուին անոնց նպատակներն ու ընտրանքները։ Նպատակներ ու կանոնագիրք, որոնք, ամէն պարագայի, անհրաժեշտ է, որ համապատասխանեն երկրի սահմանադրական հրահանգներու։
Հայաստանի մէջ զարտուղի երեւոյթ պարզեց նաեւ կուսակցութեանց կազմութեան ու կազմաւորման հոլովոյթը։
Կուսակցութիւններ յառաջացան սահմանադրութեան բացակայութեան։ Ենթակայ՝ ընտրական օրէնսդրութեան եւ Ազգային Ժողովի հաստատած կանոններուն, որոնք խորքին մէջ կը միտէին միջամտել ու հակակշիռ բանեցնել կուսակցութեանց վրայ, սահմանափակելով անոնց գործելու կարողականութիւնը։
1995 ի Յուլիս 5ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրութիւնը չբարելաւեց կացութիւնը։ Ընդհակառա՛կն. նախագահին վրայ կեդրոնացուց իշխանութիւնը, անոր տուաւ ժողովուրդի սպասումներուն արտայայտիչը ըլլալու հանգամանք եւ զայն դարձուց ներքին խմորումները դասաւորող
քաղաքական խաղին միակ տէրը։ Թէ սահմանադրական ի՞նչ տրամաբանութեամբ կէսէն մէկ աւելիի քուէով ընտրուած նախագահը, երբ մանաւանդ այդ համեմատութիւնը նուաճուած է երկրորդ փուլով, կրնայ ներկայացնել ամբողջ ժողովուրդին կամքը, հարց մըն է, որ պէտք է զբաղեցնէ հայ քաղաքական միտքը։
Ահա թէ ինչու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պարտադրուած հրաժարականէն ետք, ժողովրդային լայն ընդունելութիւն գտաւ նախագահական բոլոր թեկնածուներուն ընտրական կարգախօսը՝ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու մասին։
Համատարած սպասումը այն էր, որ պիտի մշակուի այնպիսի սահմանադրութիւն, որու բանաձեւած սկզբունքներուն եւ սահմանած արժէքներու հիման վրայ պիտի խորանայ ու ամրապնդուի սերունդին հայրենասիրութիւնը եւ համակարգը պիտի յատկանշուի կուսակցութեանց կողմէ ղեկավարուող դրութեամբ։
Ռ. Քոչարեանի օրով թէեւ վերամշակուեցաւ սահմանադրութիւնը, բայց եւ այնպէս, այս իմաստով զգալի փոփոխութիւն չունեցաւ։
Յայտնօրէն քաղաքական կամքը կը պակսի՝ դրութիւնը վերափոխելու համար։
Գիտակից քաղաքացին կ՛անդրադառնայ, որ անհատ գործիչներ միայն իրենց անձը կը ներկայացնեն եւ կ՛առաջնորդուին սեփական շահերէ կամ իրենց թիկունքին կանգնող մարդոց պատուէրով։ Ենթակայ են ժամանցումի (expiry date), որով եւ կը գործեն այդ մղումով։ Չունին հաշուառու եւ իրենց քայլերը ուղղող ու հակակշռող կուսակցական–կազմակերպական խարիսխ։ Մինչդեռ ժողովրդավար համակարգի մէջ, քաղաքական կուսակցութիւնները, սահմանադրական իրաւունքով ու պարտաւորութեամբ, կը հանդիսանան միջնորդող–կամրջող օղակը պետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, իւրաքանչիւրը իր ուժին ու գրաւած դիրքին համապատասխան։ Մեծամասնութիւնը՝ իշխանութեան, իսկ փոքրամասնութիւնը՝ ընդդիմադիրի ու հակակշռողի դիրքերէն։ Իրենց այս հանգամանքով ալ, անոնք կ՛արտայայտեն ժողովուրդին կամքը ոչ միայն Ազգային Ժողովի կազմութեան տուեալ պահուն, այլեւ տեւաբար՝ պետութեան բոլոր գործերուն ու օղակներուն մէջ։ Այս ձեւով նաեւ կ՛ապահովուի քաղաքացիներուն գործակցութիւնը, այնքան անհաժեշտ՝ պետական ծրագրերու եւ կառավարական նախաձեռնութեանց յաջողութեան համար։
Այս տեսակէտէն, Հայաստանի սահմանադրութիւնը (իր անտեսումով), ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնսդրութիւնը (իր սեղմումներով) չեն արտօներ, որ գործող կուսակցութիւններէն նոյնիսկ բոլոր տուեալները ամբողջացնողն ու ամէնէն յուսալին կարենայ կենսագործել միջնորդի էական դերը՝ ժողովուրդին ու պետութեան միջեւ։ Որու հետեւանքով ալ քաղաքացին կ՛օտարանայ կուսակցութիւններէն. բնականաբար նաեւ՝ պետութենէն։ Լաւագոյն պարագային անոնց կը դիմէ, երբ «շնորհ» մը ստանալու ակնկալիք ունի։ Հասկնալի է, որ «շնորհ» բաշխելու գործին մէջ ջերմեռանդօրէն «առատաձեռն» կ՛ըլլան քաղաքական անհատ գործիչներ, իրենց անձնիշխանութիւնը ամրապնդելու համար։ Եւ այսպէս, «շնորհ» տալու–առնելու ոլորապտոյտին մէջ կը զարգանայ խաթարուածութեան (կոռուպցիա) «մշակոյթ»՝ բոլոր հետեւանքներով, որոնց աքցանին մէջ կը գալարուի հայրենի հասարակութիւնը…
Քաղաքական կուսակցութեանց հանդէպ պետութեանց կեցուածքը գլխաւորաբար անցած է չորս հանգրուաններէ.
–Նախ՝ ընդդիմութիւն ու պայքար անոնց դէմ,
ապա՝ անտեսում,
յետոյ՝ ճանաչում եւ օրինականացում,
ի վերջոյ՝ միաձուլում պետական համակարգին։ Մինչեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարումը (1998 թուական), հայրենի պետութեան կեցուածքը կը գտնուէր առաջին հանգրուանին մէջ. հակադրութիւն ու պայքար կուսակցութեանց դէմ։ Թէեւ օրէնքով արտօնուած էին կուսակցութիւնները, բայց եւ այնպէս կը հանդուրժուէին այնպիսիները միայն, որոնք նախագահին կամ անոր հովանաւորեալներուն ընտրական յենարանը կը կազմէին։
1998ին, պետութիւն–կուսակցութիւն յարաբերութիւնները թեւակոխեցին երկրորդ հանգրուան. անտեսում։ (Յիշենք Ռ. Քոչարեանի «ժողովուրդն է իմ կուսակցութիւնս» անորոշ կարգախօսը եւ ոչ անմեղ միջամտութիւններու պատճառով կուսակցութեանց ապրած ներքին ճեղքերը, որոնք, վերջին հաշուով, անտեսման հանգրուանի բացասական հետեւանք էին։
Կը թուի, թէ ներկայիս կը գտնուինք երրորդ հանգրուանի սեմին. ճանաչում եւ օրինականացում։
Կը նշանակէ, որ տակաւին ճամբայ կայ կտրելիք ամբողջացնելու համար երրորդը եւ հասնելու չորրորդին՝ պետութիւն–կուսակցութիւն միաւորումին, միաձուլումին, մէկ ամբողջութիւն դառնալու բաղձալի հանգրուանին։
Միամիտ չենք կարծելու, որ մէկ օրէն միւսը կարելի է նուաճել իտէալական համակարգի հանգրուանը։ Ամէն երկիր ու ժողովուրդ իր կեանքի պայմաններէն բխող զարգացման ներքին տրամաբանութեան մը հոլովոյթին ենթակայ է՝ քաղաքակրթական աստիճաններէն բարձրանալու համար։
Հայրենի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը գտնուի այն սանդխամատին վրայ, ուր տակաւին ամէնօրեայ ապրուստի տարրական կարիքները հայթայթելու առաջնահերթ հոգը ունի եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջը։ Կայ համատարած խաթարուածութիւն եւ վերէն վար՝ իրաւունքի ու արդարութեան չարաշահում. նոյնիսկ՝ քաղաքացիի սրբազան իրաւունքի՝ քուէի կողոպուտ ու պազար…
Ապրուստի խնդիրը լուծելէ, ինչպէս նաեւ իրաւունքի ու արդարութեան ապահովութիւնը ունենալէ ետքն է, որ քաղաքացիները պիտի բարձրանան յաջորդ սանդխամատին, ուրկէ պիտի մղուին ընկերութիւնը կազմակերպելու, ինքնաճանաչման ճամբով ընկերային ու գաղափարական իրենց ուղղուածութիւնը ճշդորոշելու, ապա նաեւ կատարելագործուելու աշխատանքին, ձգտումին։
Անշուշտ այսօրուան կացութիւնը բարեփոխելու եւ ախտագին վիճակները դարմանելու պատրաստի դեղագիրներ չկան։ Չկա՛յ եւ մոգական գաւազան։
Անհանդուրժելին եւ ըստ ամենայնի դատապարտելին քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է եւ ուղիղ ճամբէն ընթանալու դժկամութիւնը իշխանաւորներու մօտ։
Նախնական, այլեւ գործնական ու դրական քայլ մը առնուած պիտի ըլլար անկասկած, եթէ ընտրական օրէնսդրութեամբ սահմանափակուէր անհատ թեկնածուներու անդամակցութիւնը Ազգային Ժողովին եւ զարկ տրուէր կուսակցական ցանկի թեկնածուներուն, որպէս զի կուսակցութիւնները լայնօրէն ներկայացուէին Ազգային Ժողովին մէջ, պետութեան ու ժողովուրդին միջեւ իբրեւ միջնորդի դերը կատարողներու։ 131 պատգամաւորներ ունեցող Ազգային Ժողովի 56 աթոռները վերապահել անհատ թեկնածուներու, կը նշանակէ ստուերի մէջ ձգել ու խափանել անոր ներկայացուցչական հանգամանքը։ Կը նշանակէ տակաւին՝ սեփական շահերու քաշքշուքին յանձնել օրէնսդրական դաշտը։
Կազմակերպական ցանց, քաղաքական յստակ ու իրագործելի առաջադրանքներ եւ ընկերային տեսիլք ունեցող կուսակցութեանց ուժեղացումը լաւագոյն երաշխիքը կը կազմէ երկրի մը կայունութեան եւ ժողովրդավարութեան վերելքին, որոնց այնքան պէտքը ունի Հայաստան՝ շրջանի քաղաքականօրէն անկայուն հարեւանութեան մէջ։
Յստա՛կ ու մեկի՛ն։