Ահաւասիկ խոշոր սուտ մը: (Ամերիկա «ատրպէյճանական» Շուշիին Նուիրուած Դրոշմաթուղթ կը Հրատարակէ): Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի մէջ որեւէ մէկը կրնայ իր անձնական դրոշմաթուղթը ձեւաւորել եւ համացանցի վրայ որոշ հասցէներ կան որ պատուէրներ կ՛ընդունին: Այդ հասցէներէն մէկն է www.ZAZZLE.COM որ Շուշիի դրոշմաթուղթին վրայ կ՛երեւի, եւ Ամերիկեան Թղթատարական Ծառայութեան հետ կապ չունի: US Post Office-ները այս տիպի դրոշմաթուղթեր չեն վաճառեր, քանի որ ասոնք անձնական բնոյթ ունին: Չեմ գիտեր այս տեղեկատուութիւնը ուրկէ կուգայ բայց ակնյայտ է ատոր ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւն ըլլալը:
ԿԱՐՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Northridge, CA