ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 29ին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անդրէյ Նեստերենկօ յայտնած է, թէ Ռուսիան ու Վրաստանը սկսած են ծանուցագրեր փոխանակել «Վերին Լարս» սահմանային անցակէտի բացման վերաբերեալ:
Ա. Նեստերենկօ նաեւ նշած է, որ Դեկտեմբեր 23ին՝ անցակէտին վրայ կայացած է Ռուսիոյ եւ Վրաստանի փորձագէտներու երկրորդ հանդիպումը ռուս-վրացական սահմանի տուեալ անցակէտով երթեւեկութեան վերականգնման հարցին շուրջ:
«Հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշում ընդունուած է հսկիչ անցակէտով երթեւեկութիւնը վերականգնել 2010ի Մարտ 1ին: Փորձագէտներու խումբերուն, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ համաձայնեցուած արձանագրութեան ստորագրումէն յետոյ ռուսական եւ վրացական կողմերը վերջերս Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ համապատասխան պաշտօնական ծանուցագրեր կը փոխանակեն երթեւեկութեան վերականգնման վերաբերեալ», ըսած Է Նեստերենկօ եւ յոյս յայտնած, որ հսկիչ անցակէտի մօտալուտ վերականգնումը եւս մէկ քայլ կը դառնայ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ժողովուրդներու միջեւ կապերու վերականգնման ուղղութեամբ: