ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- 2009ին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը իր տարեվերջի ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է անցեալ տարուան ընթացքին իրականացուցած ծրագիրներուն, որոնցմէ առանձնացուցած է այլ պետութիւններու տարածքին մէջ գտնուող ազգային մշակութային արժէքներու յայտնաբերման եւ անոնց վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն ձեռք բերելու աշխատանքները։
Ըստ մշակոյթի նախարարին՝ Սեպտեմբերին սկսած է պետական թանգարաններուն մէջ արձանագրուած մշակութային արժէքներուն հաշուառումը։ Վերանորոգուած ու նոր ցուցադրութիւններով տարուայ ընթացքին վերաբացուած են Խաչատուր Աբովեանի, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանները եւ Ռուսական արուեստի թանգարանը։
Իտալացի մասնագէտներուն կողմէ Գիւմրիի ելեկտրա–գիտարուեստական գործարանի կիսաքանդ շէնքէն Մինաս Աւետիսեանի թանգարանի æաջուռի մասնաճիւղ տեղափոխուած եւ լիովին վերականգնուած է Մինասի «Թորոս Ռոսլինի ծնունդը» որմնանկարը։
Նախարարը լուրջ աշխատանքի կարիք կը տեսնէ նաեւ թատերական եւ գրահրատարակչական ոլորտներուն մէջ։
Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Երեւանի կամերային նուագախումբի ղեկավար Արամ Ղարաբեկեանին վերջերս ներկայացուցած հրաժարականը չէ ընդունուած նախարարութեան կողմէ։ Ղարաբեկեան հրաժարական ներկայացուցած էր՝ պատճառաբանելով, որ այլեւս չի կրնար աշխատել իր ղեկավարած կազմին հետ։