ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան գլխաւոր համաճարակաբան Արա Ասոյեանի հաւաստումով՝ Հայաստանի մէջ նուազած է կրիփով, մասնաւորապէս «խոզի կրիփ»ով հիւանդներուն թիւը։ Ըստ անոր գնահատման առողջապահական համակարգը կրցած է տարուան ընթացքին լաւ աշխատելով մեղմացնել յատկապէս վերջին ամիսներուն բաւական շեշտուած համաճարակային վիճակը:
Նշենք, որ հանրապետութեան մէջ «խոզի կրիփ»ով հիւանդներուն թիւը Դեկտեմբեր 26ի տուեալներով հասած է 111ի: