ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն համաձայն հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է «խոզի կրիփ»ի 4 դէպք՝ երկու երեխայ եւ երկու մեծահասակ:
Նախարարութիւնը վստահեցուցած է, որ հիւանդներուն վիճակը լաւ է եւ հանրապետութիւնը ապահովուած է համապատասխան դեղամիջոցներով։