ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին, Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանէն շուրջ 500 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ, ժամանեցին առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահ, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով աւանդական խրախճանքին մասնակցելու համար: Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպած սոյն ձեռնարկը վեցերորդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենայ:
Այս տարուան յայտագիրը պատրաստուած էր ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին կողմէ: 10 ուսանողներ «Drama Conservatory»էն եւ 24 ուսանողներ՝ ՀԲԸՄի վարժարանէն ներկայացուցին Չարլզ Տիքընզի «A Christmas Carole»ը, ղեկավարութեամբ Էտրիըն Ալվարէզ-Ճէքսընի: Լաւ պատրաստուած ներկայացում մըն էր երիտասարդ եւ տաղանդաւոր դերասաններով, որոնք հիացում պատճառեցին հանդիսատեսներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.