ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան լրատուամիջոցները Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին հաղորդեցին, որ Իսրայէլ պիտի վաւերացնէ «Համաս»ի հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը, եթէ «Համաս» համաձայնի կարգ մը պաղեստինցի բանտարկեալներ աքսորելու իր պայմանին: Իսրայէլ «Համաս»ին փոխանցած է այդ պաղեստինցի գերիներուն ցանկը։
Իսրայէլացի կառավարական պաշտօնատար մը մերժած է հաստատել իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրը։
Պաղեստինեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ գերիներու փոխանակման «Համաս»ի նախկին առաջարկը փոխանցած գերամանացի միջնորդը Իսրայէլի մինչեւ Չորեքշաբթի օր պայմանաժամ ճշդած էր պատասխան մը տալու: