ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին ու Արեւմուտքին կողմէ Թեհրանին ներկայացուած նոր պայմանաժամը, որ Իրանէն կը պահաջէր մինչեւ տարեվերջ ընդունի իր հարստացուած իւրանոմը արտերկիր ուղարկելու Հիւլէական ուժի միջազգային գործակալութեան առաջարկը: Ահմատիենժատ մերժեց պատժամիջոցներու սպառնալիքը յայտնելով, որ Իրան կ՛ուզէ բանակցիլ «արդար պայմաններու տակ, ուր փոխադարձ յարգանք կայ»։ «Ձեզի ըսինք, թէ պատժամիջոցներէն չենք վախնար։ Եթէ Իրան ռումբ մը շինել ուզէ, բաւարար քաջութիւնը ունի ձեզի այդ մասին ըսելու», նշեց Իրանի նախագահը։
Ահմատինեժատ երկրին մէջ ընդդիմութեան ցոյցերուն ակնարկելով ըսաւ, որ Արեւմուտքը սխալմամբ հաւատաց, թէ Իրան «տկարացած է»։ «Իրանի ժողովուրդն ու Իրանի կառավարութիւնը տասը անգամ աւելի հզօր են քան անցեալ տարի։ Կ՛ուզեմ, որ ամբողջ աշխարհ գիտնայ, թէ Իրան պիտի չարտօնէ, որ Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքին տիրապետէ»։
Միւս կողմէ, Հիւլէական թղթածրարի հարցով Իրանի աւագ բանագնաց Սայիտ Ժալիլի կոչ ըրաւ հիւլէական զէնքեր ունեցող բոլոր երկիրներուն, որ ձերբազատուին իրենց այդ զէնքերէն, սակայն յայտնեց, որ բոլոր երկիրները իրաւունք ունին հիւլէական ուժանիւթ արտադրելու։ Ժալիլի Երկուշաբթի օր, Ճափոն այցելութեան մը ընթացքին, պնդեց, որ իր երկրին հիւլէական ծրագիրը քաղաքացիական նպատակներու համար է, թէեւ Միացեալ Նահանգներն ու այլ երկիրներ այն մտավախութիւնն ունին, թէ ատիկա հիւլէական զէնքեր արտադրելու համար է։