ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 19ին ներկայ եղած է հանրապետութեան հարաւային պաշտպանական շրջանին մէջ իրականացուող ստորաբաժանումներու եւ հրամանատարական կազմի հաւաքներուն, որուն ընթացքին՝ իր ներկայացուցած խօսքին մէջ, ան կարեւոր նկատած է հրամանատարական կազմին պատրաստուածութիւնը՝ նշելով, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն զինուած ուժերուն մարտունակութիւնը պատշաճ մակարդակի վրայ պահելու համար:
Նոյն օրը, Շուշիի մէջ, նախագահը մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն համար կառուցուած բնակարաններու բանալիներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ ՊԲ բարձրագոյն հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները: