ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան տուած տեղեկութիւններով, Ղարաբաղի մէջ «խոզի կրիփ»ով հիւանդներ չկան, սակայն, նախորդ տարուան համեմատ՝ 4.5 անգամ աճած է շնչառական ուղիներու հիւանդութիւններուն թիւը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ մէկ շաբաթով փակուած են հանրապետութեան մանկապարտէզներն ու դպրոցները: