ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կազմակերպութեամբ Կրթութեան զարգացման ակադեմիոյ՝ Զբօսաշրջութեան զարգացման հայկական գործակալութեան, ԱՄՆ ՄԶԳ «Մասնաւոր մրցունակ հատուած Հայաստանում» ծրագրին, եւ համագործակցութեամբ Թուրք զբօսաշրջիկային միութեան՝ Դեկտեմբեր 13-14 Սթամպուլի մէջ ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան նախաձեռնութեամբ կայացած է տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման նուիրուած «համաժողով-պիզնէս ֆորում», որուն մասնակցած են Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Թուրքիան: «Համաժողով-պիզնէս ֆորում»ը յաջորդած է Իզմիրի մէջ Դեկտեմբեր 10-12ին տեղի ունեցած զբօսաշրջիկային ցուցահանդէսին, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է նաեւ Հայաստանը:
Դեկտեմբեր 21ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ Թուրքիոյ մէջ կայացած ցուցահանդէսին եւ «համաժողով-պիզնէս ֆորում»ին մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած են Զբօսաշրջիկութեան զարգացման հայկական գործակալութեան ներկայացուցիչ Սիւզաննա Ազոյեան, Կրթութեան զարգացման ակադեմիոյ տնօրէն Անոյշ Եդիգարեան եւ «Գերմանական տեխնիկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մարիամ Բաբայեան:
Անոնց տեղեկութիւններով Իզմիրի մէջ կայացած ցուցահանդէսին Հայաստանը ներկայացուած է իբրեւ նախընտրելի զբօսաշրջավայր՝ տրամադրելով գովազդային-տեղեկատուական նիւթեր:
Պոլսոյ մէջ հայաստանեան պատուիրակութիւնը մասնակցած է տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման հիմնախնդիրներուն նուիրուած համաժողովին, որուն ընթացքին կայացած են տարբեր հանդիպումներ եւ քննարկումներ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Ասուլիսին ներկայ զբօսաշրջիկային գործակալութիւններու ներկայացուցիչները համոզմունք յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ կայացած ցուցահանդէսին եւ համաժողովին Հայաստանի ունեցած յաջողութիւնը եւ մեր երկրի հանդէպ առաջացած հետաքրքրութիւնը նոր զարգացումներ կը խոստանայ տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման առումով:
Զբօսաշրջիկային ընկերութիւններու ներկայացուցիչները կ՛ակնկալեն, որ Թուրքիոյ մէջ կայացած հանդիպումները տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման լուրջ հեռանկարներ կը բանան եւ շահագրգռութիւն կառաջացնեն օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն համար։