ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ըստ թոքախտի ազգային ծրագրի գրասենեակի վիճակագիր Նարինէ Մեժլումեանի, բանակին եւ բանտերուն մէջ թոքախտաւորները աւելի շուտ կը բացայայտուին քան սովորական քաղաքացիներուն մէջ:
Անոր հաւաստումով, 5-6 տարի առաջ բանակին մէջ տարեկան կը յայտնաբերուէր մօտ 5000 դէպք, մինչ վերջին տարիներուն՝ 16-17 դէպք, որ արդիւնք է վերջին տարիներուն աւելի խիստ հսկողութեան եւ ստուգումներուն։
Իսկ անդրադառնալով բանտերուն մէջ թոքախտի յայտնաբերման եւ բուժման, ան նշած է, որ բանտերուն մէջ հիւանդանալու համար բոլոր նախապայմանները կան՝ փակ տարածութիւն, վատ սնունդ, մէկ խուցի մէջ քանի մը հոգիով ապրիլը: