ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան, երէկ, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին իր եղբօր մահուան առիթով: Նախագահը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով, առաջնորդ Սրբազանէն խնդրեց, որ իր յարգանքը ու ողջոյնները փոխանցէ Վեհափառ հայրապետին: