ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Դեկտեմբեր 14ի երեկոյեան, Թեհրանի «Խանէյ» շարժապատկերի կեդրոնին մէջ կայացած է Իրանի սինեմայի համակարգողներու եւ բեմադրիչներու օգնականներու հիմնարկի հերթական 4րդ մեծարման հանդիսութիւնը:
Գնահատման ու պարգեւատրման արժանացած են չորս օգնական բեմադրիչներ եւ համակարգողներ՝ Ժորժ Հաշեմզադէ, Անահիտ Աբադ, Մանիժէ Հեքմաթ եւ Մեհդի Ռասուլի (յետմահու):
Իւրաքանչիւր գնահատուողի գործունէութեան մասին ինչպէս շարժապատկերի կտորներներու ցուցադրութեամբ, այնպէս ալ բեմէն կենդանի վկայութիւններով հանդէս եկած են՝ անուանի դերասաններ, բեմադրիչներ ու ֆիլմարուեստի բնագաւառէն ներս հանրայայտ դէմքեր ու դերակատարներ, որոնք մեծ ակնածանքով եւ արժեւորումներով նշած են ենթականերու տքնաջան գործունէութիւնը՝ իւրաքանչիւր ֆիլմ բարեյաջող աւարտին հասցնելուն համար: