ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եօթանասուներկու տարեկանին կեանքէն հեռացած է արձակագիր, Հայ գրողներու միութեան նախկին նախագահներէն Յովհաննէս Մելքոնեան, որ աշխատած է հայաստանեան բազմաթիւ թերթերու մէջ՝ իբրեւ բաժնի վարիչ եւ գլխաւոր խմբագրի փոխանորդ։ Արկածի պատճառով անժամանակ մահացած Յ. Մելքոնեանին «Հայր Տօնապետի մենախօսութիւնը» եւ «Հրաժարական» թատերգութիւնները բեմադրուած են, իսկ անոր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը թարգմանուած եւ տպագրուած են նաեւ Խորհրդային Միութեան եւ շարք մը օտար լեզուներով:
Մելքոնեան եղած է նախագահը Հայսատանի գրողներու միութենէն անջատուած Հայ գրողներու միութեան: