ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Դեկտեմբեր 9ին պետական այցով Հայաստան պիտի ժամանեն Լաթուիայի նախագահ Վալդիս Զատլերսն ու իր պատուիրակութիւնը, որոնք նոյն օրը՝ Հայաստանի նախագահին ուղեկցութեամբ պիտի մասնակցին Մատենադարանի հիմնադրման 50 ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան: