ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Սատըք Եաքութ Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ «մէկ ժողովուրդ, երկու երկիրներ» տարազը տակաւին ի զօրու է եւ «ոչ ոք կրնայ այդ տարազը քանդել, որովհետեւ մենք տարբեր աշխարհագրական վայրերու մէջ ապրող մէկ ժողովուրդի մը անդամներն ենք»։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին, Եաքութ նշեց. «Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու մեր ձգտումին ընթացքին պէտք է Ատրպէյճանի իրաւունքները պաշտպանենք: Մեր իշխանութիւնները այս ուղղութեամբ յայտարարութիւններ կատարած են։ Մենք մեր բոլոր խոստումները կը յարգենք, ոչ ոք կրնայ կասկածիլ ատոր»։
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացման, ան յայտարարեց. «Արձանագրութիւնները խորհրդարան հասան եւ յանձնախումբին մօտ կը սպասեն։ Սակայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման մասին կարելի չէ խօսիլ առանց Ղարաբաղի հարցի լուծման։ Թուրքիոյ հանրապետութեան վարչապետը ատիկա խոստացաւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն մէջ։ Ուստի մեր ատրպէյճանցի եղբայրները թող չմտահոգուին»։