ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, ազդեցիկ «International Herald Tribune» թերթը իր Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ օրինակներուն մէջ լոյս ընծայած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին այն նամակը, որ կ՛առնչուի Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հարցին:
Եւրոպական Միութեան գերաստիճանի նախօրեակին լոյս տեսած նամակին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ անդամ երկիրներուն, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելէ առաջ նկատի ունենան անոր թերացումները:
«Եւրոպան արժէքներու միութիւն մըն է» խորագիրով նամակին մէջ նշուած է, թէ Եւրոմիութեան նոր նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյ արդէն իսկ յստակացուցած է, թէ Թուրքիա իր ներկայ վիճակով խոտոր կը համեմատի Եւրոմիութեան չափանիշներուն եւ արժէքներուն:
Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիա, հակառակ իր տուած խոստումին, կը շարունակէ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները փակ պահել Կիպրոսի օդանաւերուն եւ նաւերուն առջեւ, միաժամանակ կը մերժէ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կը մերժէ իր արդարադատական մարզը բարեկարգելու գծով յատկանշական բարեկարգումներ կատարել եւ կ՛ոտնակոխէ փոքրամասնութեանց ընկերային, քաղաքական ու կրօնական իրաւունքները:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան, որ Թուրքիոյ առջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար յստակ նախապայմաններ սահմանէ, որովհետեւ այլապէս՝ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը կամ անոր շնորհուած առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան կարգավիճակը վնաս պիտի հասցնէ Եւրոմիութեան ու անոր արժէքներուն: