ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Նիւզ.ամ», «Էյ.Փի.Էյ.».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանի խորհրդական Պազու Պանտի, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդած այն տեղեկատուութիւնը, թէ Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմատ Պաքիր Պահրամի Հայաստանը նկատած է ատրպէյճանական հողերը բռնագրաւող երկիր, ըսած է. «Եթէ իրանեան կողմը փափաքէր տուեալ հարցի վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն կատարել կամ փոխել իր դիրքորոշումը, ապա Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կ՛ընէր»:
Խորհրդատուին համաձայն, դեսպանատունը կը մեկնաբանէ միայն պաշտօնական աղբիւրներու տեղեկատուութիւնը, իսկ այն, ինչ կը հաղորդուի ատրպէյճանական համացանցային կայքերուն միջոցաւ, կարելի չէ մեկնաբանութիւններու հիմք դարձնել:
Ըստ Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան, Պահրամի Երկուշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ատրպէյճան «ներխուժած հայկական ոյժերու Ատրպէյճանէն հեռացումը Հայաստանի ի նպաստ քայլ մը պիտի ըլլայ»։ Դեսպանը ըսած է, որ շրջանին մէջ միասնականութիւն պէտք է ըլլայ եւ որեւէ հարց, որ պառակտում կը յառաջացնէ, կը վնասէ ամբողջ շրջանին ու անոր ժողովուրդներուն։
«Ղարաբաղի տագնապը շրջանին վնաս հասցնող եւ զայն տկարացնող հարց մըն է։ Իրան կ՛ուզէ, որ այս հարցը լուծուի խաղաղ կերպով, ի նպաստ Ատրպէյճանի։ Իրան միշտ կը դատապարտէ բռնագրաւումը։ Որեւէ ներխուժող իր բռնագրաւած հողերուն վրայ չի կրնար մնալ։ Պատմութիւնը այդ կը յայտնէ։ Տեսանք, թէ Սատտամ Հիւսէյնի ճակատագիրը ինչ եղաւ, երբ իրանեան հողամասեր բռնագրաւեց», ըսած է ան։
Պահրամի նշած է. «Զարգացումը խաղաղութեան երաշխիք մըն է։ Իրան միշտ խաղաղութեան կը զօրակցի։ Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուի, ամբողջ շրջանը խաղաղ պիտի ըլլայ։ Այս հարցը պէտք է լուծուի շրջանի բոլոր երկիրներու մասնակցութեամբ, սակայն ոչ շրջանէն դուրս երկիրներուն»։
Իրանի դեսպանը յայտնած է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը արդիւնք չէ տուած։ «Անոնք արդիւնքի հասնելու նպատակ չունին։ Անոնք միայն իրենց շահերը կը պաշտպանեն», պնդած է ան։