ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140րդ ամեակին նուիրուած Քալիֆորնիոյ հայ գրողների միութեան հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին հովանաւորութեամբ, գրադարանի սրահին մէջ:
Միութեան նախագահ՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան, նիստը բանալով, ուրախութեամբ ողջունեց Հայաստանի գրողների միութեան պատուիրակութեան ներկայութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի:
Փոխադարձ ողջոյնի խօսքէն ետք, Անանեան ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները՝ վարչութեան քարտուղար, բանաստեղծ, արձակագիր եւ մանկագիր Էդուարդ Միլիտոնեան, բանաստեղծ, պետական մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Յարութիւնեան, արձակագիր եւ թարգմանիչ Արամ Արսէնեան, արձակագիր Լեւոն Խեչոյեան: Իւրաքանչիւրը խօսք առաւ օրուան թեմայով:
Բանաստեղծ Գայիանէ Ղազարեան կարդաց Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն, իսկ բանաստեղծ եւ գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեան գրական զեկոյցով ներկայացուց Թումանեանի գրական ժառանգութիւնը:
Հաւաքը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: