ՊԸՐՊԷՆՔ.- Նշելով դաշնակցային կառավարութենէն իւրաքանչիւր համայնքին տրամադրուելիք օժանդակութեանց մէջ մարդահամարի տուեալներուն դերը, ինչպէս նաեւ 2010ի մարդահամարին իրականացման համար աշխատանքի կարելիութիւնները, Պըրպէնքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Կարէն Եղբայրեան կը յայտնէ, թէ Պըրպէնքի հայութեան մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու 2010ի մարդահամարին նուիրուած եւ Շաբաթ, Դեկտեբեր 12ին կայանալիք հաւաքին:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ կ.ե. ժամը 2-4, «Օվրոմ» զբօսավայր-համայնքային կեդրոնին մէջ (601 South San Fernando Boulevard, Burbank):
Ներկաները տեղեկութիւններ պիտի ստանան մարդահամարին համար աշխատելու կարելիութիւններուն մասին։ Պիտի բացատրուի, թէ ինչո՞ւ համար յոյժ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ նկատի առնուի պետութեան կողմէ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան, 10 տարին անգամ մը մարդահամար պէտք է կատարուի, եւ անոր արդիւնքներուն հիման վրայ է որ քաղաքները իրենց բաժին ինկած դաշնակցային գումարները կը ստանան:
Ելոյթներ պիտի ունենան Պըրպէնքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Կարէն Եղբայրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց վարիչ Հայկ Յովսէփեան, եւ Պըրպէնքի «Complete-Count» կազմակերպութենէն Նաթալի Օզկուտ:
Տեղի պիտի ունենայ հիւրրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 562-1918 թիւին: