ՊԸՐՊԷՆՔ.- Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 29ին, «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի գլխաւըր երգիչ Սերժ Թանքեանի «Սըրճիքըլ սթրայք» ընկերութեան պիտակին տակ լոյս պիտի տեսնէ անոր հօր՝ Խաչատուր Թանքեանի առաջին երգապնակը՝ «Ինչպէ՞ս մոռնանք»:
Գործը համադրում մըն է ժողովրդային երգերու, ինչպէս նաեւ երկու նոր երգերու՝ «Հրանդ Տինք» եւ «Ինչպէ՞ս մոռնանք»: Արտադրողն է Սերժ Թանքեանը, իսկ երաժշտութեան մշակումը կատարած է Անդրանիկ Մուրատեան: Խաչատուր Թանքեան նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 13ին, «Նոքիա» սրահին մէջ կայանալիք Հայ երաժշտութեան մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին ընթացքին:
«Կը յիշեմ, որ հայրս յաճախ կ՛երգէր այս երգերը իմ մանկութեան ու պատանեկան տարիներուն ու ես երբեմն կը միանայի իր երգին: Ուրեմն, երգելու սէրս իրմէ կու գայ», կը յայտնէ Սերժ: Յայտնենք, թէ հայր եւ որդի Թանքեանները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնին համար «Բարի Առաքիլ» երգին տեսարիզը պատրաստած էին:
Խաչատուր Թանքեանի երաժշտական ասպարէզը իր զաւակին ծնունդէն առաջ իսկ սկսած էր, անոր ծննդավայր՝ Հալէպի մէջ: Ան երգած է բազմաթիւ հարսանիքներու, կնունքներու եւ այլ համայնքային հաւաքոյթներու ընթացքին, սակայն ընտանեկան պարտաւորութիւններու հետեւանքով հեռացած է այդ ասպարէզէն: Ան վերջերս միայն հանգստեան կոչուած է, վերադառնալով իր նախկին սիրոյն:
Ան կը յայտնէ, թէ շատ կը սիրէ երգել ժողովրդային երգերը, սակայն հպարտ է յատկապէս վերոյիշեալ երկու երգերով: «Եթէ հայ ես, ինչի այլ հաւատաս», մաս կը կազմէ Հայկական հարցին: «Ինչպէ՞ս մոռնանք»ը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն, իսկ Հրանդ Տինքը «այն անձն էր, որուն գաղափարներն ու արարքները իսկապէս կը յարգեմ», կ՛ըսէ ան: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել հետեւեալ համացանցային կայքէջերը՝ www.myspace.com/khatchadourtankian կամ www.serjicalstrike.com: