ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կրօնական ազատութիւններու մասին ամէն տարի պատրաստուող տեղեկագրին՝ Թուրքիոյ յատկացուած բաժնին մէջ ազգագրական տեղեկութիւններ տեղ գտած են։ Տեղեկագիրը, Թուրքիոյ կողմէ հրատարակուած տուեալներու վրայ հիմնուելով, կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ աւելի քան 72 միլիոն բնակչութեան 99 տոկոսը իսլամ է եւ ասոնց մեծամասնութիւնը՝ Հանէֆի սիւննիներ։ Կրօնական փոքրամասնութիւններու ցանկին համաձայն երկրին մէջ կան 10-20 միլիոն ալաուիներ։ Կրօնական միւս խմբակները ընդհանրապէս հաւաքուած են Պոլսոյ մէջ։ Ցանկը կու տայ հետեւեալ տուեալները.
500 հազար՝ Ճաֆէրի շիի
65 հազար՝ ուղղափառ հայ
23 հազար՝ հրեայ
15 հազար՝ ասորի
10 հազար՝ պահայի
5 հազար՝ եզիտի
3300՝ Եհովայի վկաներ
3000՝ բողոքական
3000՝ ուղղափառ յոյն:
Կան նաեւ պուլկար, նեսթորական, վրացի, գնչու, կաթոլիկ ու մարոնի քաղաքացիներ։