ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին բացայայտուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Աֆղանիստանի հարցով իր որդեգրելիք քաղաքականութեան շուրջ աւելի քան երեք ամիս քննարկումներ կատարելէ ետք, որոշած է յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին 30,000էն 35,000 յաւելեալ զինուորներ ղրկել հոն, միաժամանակ շեշտելով, թէ գործողութիւնը պէտք է երեք տարիէն աւարտի:
Յաւելեալ ուժին գրեթէ երկու երրորդը պիտի հաստատուի «Թալեպան» շարժումին միջնաբերդը նկատուող հարաւային Աֆղանիստանի մէջ, իսկ մնացեալը պիտի տրամադրուի Աֆղանիստանի ապահովութեան ոյժերը մարզելու աշխատանքին:
Օպամա նաեւ կը յուսայ, որ իր ՆԱԹՕի անդամ դաշնակիցները 5-10 հազար յաւելեալ զինուորներ տրամադրեն, գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Յայտնենք, թէ Օպամայի Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան մեծ մասը կ՛ընդդիմանայ Աֆղանիստանի զինուորական գործողութիւնը ընդարձակելու գաղափարին: