ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու ամերիկեան «Նիուզուիք» շաբաթաթերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը ներկայացուի իբրեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետներէն մէկը, որ տարիներէ ի վեր, իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական, ուղղութիւն կու տար Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, իսկ հիմա ստանձնած է նախարարութեան ղեկը։
Հայաստանի հետ մերձեցումը, Սուրիոյ հետ հաշտութիւնը եւ շարք մը այլ քայլեր կը նկատուին Տաւութօղլուի իրագործումները, սակայն ամերիկացիք մտահոգ են ու հարց կու տան, թէ Թուրքիա դէպի ո՞ւր կ՛երթայ, Արեւմո՞ւտք թէ Արեւելք։ Տաւութօղլուի պատասխանն այն է, որ Թուրքիա թէ՛ ասիական, թէ՛ եւրոպական երկիր մըն է եւ պարտաւոր է երկուքին հետ եւս լաւ յարաբերութիւններ մշակելու։ Ան կը յիշեցնէ, թէ աւելի քան քսան եւրոպական երկիրներ ատենօք Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէին:
Այն հարցումին, թէ տաս տարի ետք ի՞նչ կ՛ակնկալէ Թուրքիոյ համար, նախարարը կ՛ըսէ, որ տաս տարի ետք Թուրքիա պիտի ըլլայ երկիր մը, որ իր բոլոր դրացիներուն հետ իրականացուցած է տնտեսական միասնութիւն, անոնց հետ հաստատած է ամուր յարաբերութիւններ, անդամակցած է Եւրոմիութեան, եւ դարձած է բանալի երկիր մը։ Ան աւելցուց, որ չի կարծեր թէ հանրապետութեան 100րդ տարեդարձին, այսինքն 2023 թուականին, Թուրքիա պիտի ունենայ նպատակներ որոնց չէ կրցած հասնիլ։
Ան կը խօսի նաեւ Թուրքիոյ դիւանագիտական իրագործումներուն մասին, ըսելով. «Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ Պալքանեան երկիրներու նկատմամբ մեր վարած արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է կայուն սկզբունքներու վրայ։ Մենք կը փորձենք նաեւ կարգաւորել Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերող խնդիրները, համաձայնագիր ստորագրած ենք Հայաստանի հետ, իսկ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վէճի կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց ապահոված ենք։ Վրաստանի ճգնաժամի օրերուն մենք հանդէս եկած ենք կայունութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու նախաձեռնութեամբ»։