ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանը հաստատած է Հայաստանին 100 միլիոն եւրոյի տրամադրումը: Այս գումարը գլխաւորաբար պիտի օգտագործուի փակելու Հայաստանի պետական պիւտճէի բացը: Եւրոմիութիւնը Հայաստանին 65 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ իբրեւ վարկ եւ 35 միլիոն եւրօ՝ իբրեւ դրամաշնորհ: Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչը երէկ յայտնած է, որ միջոցներու յատկացման մասին որոշումը կը կայացուի առաջիկայ մի քանի օրերու ընթացքին: