ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Այսօր՝ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուաստանի իր պաշտօնակից Տմիթրի Մետվետեւի հետ, քննելու համար ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու կարելիութիւնները:
Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, խորհրդակցութեանց ընթացքին ուշադրութեան պիտի արժանանան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու նպատակով տարուող աշխատանքները: Պիտի քննուին նաեւ շրջանային ու համաշխարհային շարք մը այլ հարցեր: