ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Էլմար Մամէտեարովի եւ Ահմէտ Տաւութօղլուի միջեւ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է, որու ընթացքին Տաւութօղլու տեղեկութիւններ ստացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Մամէտեարով նաեւ տեղեկացուցած է, թէ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ:
Զրոյցին ընթացքին, Տաւութօղլու նաեւ Մամէտեարովը հրաւիրած է Անգարա: