ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20ին, «Ահաւասիկ ա՛յս ալ եղաւ այս երկրին մէջ» խորագրով կը հաղորդէ, թէ Վանէն 10 քիլոմեթր հեռու Վերին Պաքրաչլը գիւղի բնակիչները իշխանութիւններուն դիմելով պահանջած են, որ իրենց գիւղին «Եօթը եկեղեցիներ» կոչուած տարածքին մէջ գտնուող մզկիթը քանդուի, որովհետեւ նման քայլ մը զարկ պիտի տայ հոն այցելող զբօսաշրջիկներու թիւին: Գիւղացիները առաջարկած են աւելի հեռու նոր ու աւելի մեծ մզկիթ մը կառուցանել:
Վերին Պաքրաչլը Վանայ արեւելեան Էրէք լերան կողին վրայ 60 բնակարանով ու 500 բնակչութեամբ գիւղ մըն է։ Եօթը եկեղեցիներ կոչուած համալիրը կը բաղկանայ 8րդ եւ 11րդ դարերուն կառուցուած սրբատեղիներէ։ Այսօր աւերակ վիճակի մէջ կանգուն կը մնայ 1003-1021 թուականներուն Վասպուրականի արքայ Սենեքերիմ-Յովհաննէսի կողմէ կառուցուած եկեղեցին։ Անոր քով կը բարձրանայ 1997ին կառուցուած մզկիթը։
Գիւղացիները կը յայտնեն, որ ամէն տարի 10 հազար օտար զբօսաշրջիկ կու գայ հոն, բայց եթէ մզկիթը վերցուի, զբօսաշրջիկներու թիւը շատ աւելի պիտի բարձրանայ։ Գիւղացիները դիտել կու տան, որ եթէ եկեղեցիները նորոգութեան ենթարկուին, գիւղը կրնայ զբօսաշրջական կեդրոն մը դառնալ օտար երկիրներէ ու Հայաստանէն եկող հայերուն համար: Անոնք Աղթամար այցելելէ ետք գիշեր մը եւս կը մնան, այցելելու համար Եօթը եկեղեցիները։ Ուրարտուներու շրջանէն, մօտերը կայ նաեւ Եոնճա բլուրի բերդը, որ նմանապէս կրնայ նորոգուիլ ու առնուիլ զբօսաշրջային ծրագրի մէջ: