ՆՈՐԱԴՈՒՍ, «Հետք».– Անցեալ շաբաթ տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորադուս համայնքին մօտակայ հնավայր-դամբարանէն անհետացած էր (14րդ դարու արժէք ներկայացնող) «Ասլան–Ղափլան»ի պատկերազարդ արաբատառ տապանաքարը, որ կը «պահպանուէր պետութեան կողմէ»։
Ըստ տապանաքարի արձանագրութիւններուն՝ հայկական գերեզմանատան մէջ թաղուած է արաբ բարձրաստիճան զինուորական մը: Այնտեղ գուրանի սուրահին յաջորդած են հետեւեալ խօսքերը. «Հանգուցեալ նահատակ, որ հասած է Ալլահի գթասրտութեան, փառապանծ մեծ ամիրա, Սահր Ատտին իպն Սէյֆ Ատտին, որ մահացած է հիճրայի 704 թուականին», այսինքն մեր թուագրութեան 1305 թուականին:
Գեղարքունիքի մարզպետարանէն յայտնած էին, որ իրենք նոյնիսկ տեղեակ չեն եղած, որ նման յուշարձան ունին: «Յուշարձանի անհետացման վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալուց մէկ օր յետոյ գրաւոր դիմել ենք մարզային Ոստիկանութեան վարչութիւն, եւ ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, Ոստիկանութիւնը աշխոյժ կերպով զբաղւում է որոնումներով», յայտնած էր մարզպետարանի աշխատակազմի ղեկավար Վահագն Բազիկեան:
Յուշարձանը յայտնաբերուած է ոստիկանութեան մօտ գտնուող Ժորա Ղարաբաղցեանի բնակարանի բակին մէջ, հետաքննող լրագրողներու ջանքերով։ Ոստիկանութիւնը շուտով կը պարզէ անոր անհետացման պատճառները։
Նշենք, որ արաբատառ արձանագրութեամբ յուշարձաններուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Իրանի, Արաբական երկիրներու եւ Ատրպէյճանի մէջ: Ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ անիկա գողցուած է այդ երկիրներէն մէկը տարուելու նպատակով։