ՄԻՒՆԻԽ.- Անցեալ Կիրակի օր, Միւնիխի մէջ, Ֆրանսայի հիւպատոսի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ այս տարուան ընթացքին 6րդ հանդիպումը։
Չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին նշելով, որ քննարկումները տեղի ունեցած են շինիչ մթնոլորտի մէջ։
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ «Նոյեմբեր 22, 2009ին Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿի Միսնքի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ հանդիպում ունեցած են Միւնիխի ֆրանսական հիւպատոսարանին մէջ։
«Բանակցութիւններուն մասնակցեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էլմար Մամետեարով, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիք։
«Այս տարուան ընթացքին վեցերորդ հանդիպման ժամանակ երկու նախագահները կատարեցին համանախագահներու առաջարկած ամենէն կարեւոր եւ չլուծուած կէտերու մանրամասն քննարկումներ։ Աւելի քան չորս ժամ տեւած բանակցութիւնները կառուցողական էին։ Շարք մը հարցերու մէջ առաջընթաց արձանագրուած է։ Միաժամանակ, շատ հարցեր դեռ կը մնան չլուծուած։ Նախագահները իրենց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են այդ հարցերու առնչութեամբ շարունակել աշխատիլ համանախագահներու հետ։ Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդին նախորդող՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային հանդիպումը Աթէնքի մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 1-2 Դեկտեմբերին»։
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ո՞ր մէկն է այն ամենէն կարեւոր հարցը որու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է, Մինսքի խմբակի ֆրասնացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտնեց, որ «մենք համաձայնած ենք չհրապարակելու բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները։ Ատիկա պէտք է ընեն իրենք՝ նախագահները։ Սակայն մենք համակարծիք ենք այն հարցին մէջ, որ այսօրուան բանակցութիւններուն մէջ շատ կարեւոր յառաջընթաց արձանագրուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք ճշդած ենք կարգ մը դժուարութիւններ»։
Մամլոյ ասուլիսին սկիզբը Ֆասիէ ներողութիւն խնդրեց լրագրողներէն զիրենք երկար սպասցնելուն համար, սակայն նշեց, որ «ատիկա ցոյց կու տայ, թէ որքան երկար եւ խոր էին քննարկումները, նախ՝ երկու նախագահներու, ապա՝ նախագահներու եւ Մինսքի խմբակի միջնորդներու միջեւ»։ Ան նշեց, որ միւնիխեան բանակցութիւնները այս տարուան ընթացքին վեցերորդն են։ «Ասիկա աննախադէպ է այս հարցի շուրջ ընթացած բանակցութիւններու ամբողջ պատմութեան մէջ», յայտարարեց Ֆասիէ, ընդգծելով, որ ատիկա կը վկայէ բանակցութիւններու աշխուժութեան եւ լրջութեան մասին։
«Այսօրուան հանդիպումը յատկապէս երկարատեւ էր, որովհետեւ շատ կառուցողական, մանրամասն եւ բնոյթով խոր քննարկումներ տեղի ունեցան նախագահներուն միջեւ բոլոր այն հիմնական տարրերու վերաբերեալ, որոնց շուրջ դեռ համաձայնութիւն չկայ» յայտարարեց ֆրանսացի համանախագահը ընդգծելով, որ «որոշ տարրեր քննարկուած են առաջին անգամ՝ այսպիսի մանրամասն եւ խոր ձեւով»։
«Այս քննարկումները հնարաւորութիւն տուին նախագահներուն, ինչպէս նաեւ համանախագահներուն, ճշդելու այն դժուար հարցերը, որոնք դեռ չեն լուծուած, յայտնեց Ֆասիէ:
«Երկու երկիրներու նախագահները յանձնարարած են մեզի լուծել այդ դժուար խնդիրները», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Ալիեւի վերջին ռազմատենչ յայտարարութեան Ֆասիէ նշեց, որ «պատերազմը ոչ մէկ պարագային չի կրնար այլընտրանք ըլլալ։ Մենք ըսած ենք նախագահներուն շատ ուժեղ եւ յստակ կերպով, որ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի մէջ մեր կառավարութիւնները այն կարծիքն ունին, որ պատերազմը այլընտրանք չէ, որովհետեւ ան չի կրնար լուծում ապահովել»։
Հարցին շուրջ մեկնաբանութիւն կատարեց նաեւ ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով, որ ըսաւ, թէ այս կամ այն յայտարարութիւնը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ներքաղաքական կեանքի հանգամանքներով։ «Մենք ըսած ենք նախագահներուն, որ բանակցութիւններու այս նուրբ պահուն աւելի լաւ է ձեռնպահ մնալ իրարու հանդէպ ծայրայեղ մեղադրանքներ հնչեցնելէն, առեւել եւս՝ ուժային լուծման կարելիութեան մասին յայտարարութիւն կատարելէ», յայտարարեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ կողմերը հաշուի կ՛առնեն համանախագահող երկիրներու այս դիրքորոշումը։
ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի իր կարգին «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման Միւնիխի հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները ցուցաբերած են հզօր կամք։
«Ես կը կարծեմ, որ այսօր շատ նշանակալի էր, այն, որ երկու նախագահներն ալ աշխատեցան մեզի հետ։ Անոնց ցանկութիւնն էր՝ քննարկել բաւական բարդ ու բաւական հակասական կէտեր եւ ես իբրեւ այս գործընթացին մէջ համեմատաբար նոր մարդ կ՛ենթադրեմ, որ ատիկա ամենէն շատ տպաւորիչ էր ինծի համար», ըսած է Պրատթքի։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
Գերմանական «Տեր Թակըսշփիկըլ» օրաթերթը մեկնաբանելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու Նոյեմբեր 22ին Միւնիխի մէջ հանդիպումը, կը գրէ, թէ «հաւանականութիւնը քիչ է, որ Հայաստան այսօր ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ զիջումներ կատարէ»։
Օրաթերթը կը գրէ, որ Հայաստանի նախագահին վրայ մէկ կողմէ թրքական կողմը կը ճնշէ յայտնելով, որ սահմանը չի բանար եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ առաջընթաց չարձանագրուի, միւս կողմէ ճնշումներ կան Սփիւռքի կողմէ, որ կը փափաքի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել միայն Թուրքիոյ կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք։
«Այն փաստը, որ Հայաստանը համաձայնած է Թուրքիոյ հետ հաշտութեան ուղղութեամբ ընթանալ յառաջացուցած է Սփիւռքի դժգոհութիւնը, ուստի հաւանականութիւնը քիչ է, որ Հայաստան այսօր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ զիջումներ կատարէ», կը նշէ գերամանական օրաթերթը։
Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթեթը իր կարգին հրապարակած է «Լեռնային Ղարաբաղը Կովկասի մէջ սպառնալիք» խորագիրով յօդուած մը, ուր նշելէ ետք, թէ Նոյեմբեր 22ին Միւնիխի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է, կը յայտնէ, թէ « Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Եւրոպայի մէջ քիչերը կը յիշեն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ ատոր մասին դիւանագէտները մոռցած են»։
Յօդուածը կը նշէ, նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ապագան կարեւոր է ոչ միայն շրջանի բնակիչներուն, այլ նաեւ, օրինակի համար՝ Թուրքիոյ համար, Կովկասի մէջ անոր դերին ու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու անոր յոյսերուն համար, ինչպէս նաեւ քարիւղն ու կազը ապահով արեւմուտք փոխադրելու համար։
«Այս տարածքը վերջնական կարգավիճակով փոխարինելու համար տարածքներէն հայկական ոյժերու դուրս բերման հիման վրայ որոշում գտնելը աւելի քան բարդ է», կը գրէ բրիտանական օրաթերթը։
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան համաձայն գտնուած է համանախագահներու գնահատումին:
«Չեմ կարող ասել, որ բանակցութիւնները հարթ էին եւ դիւրին, բայց որոշ հարցերի շուրջ գրանցուեց առաջընթաց, որը հնարաւորութիւն տուեց պահպանել այն դրական միտումը, որը նկատւում է երկու նախագահների միջեւ տեղի ունեցած 8 հանդիպումների ընթացքում», յայտնած է Նալբանդեան:
Նմանօրինակ գնահատումով հանդէս եկած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը: